image
Հրատապ լուրեր:

Ծիտերը աշնան կը համրեն

Ծիտերը աշնան կը համրեն

Բարձունքներն են արծիւներուն նպատակակէտերը եւ այդ պատճառով ալ անոնք դրօշներուն եւ զինանշաններուն վրայ խրոխտօրէն  կը հանգչին: Արծիւը թռչուններու թագաւորն է, դափնին ու թագը իրեն կը վայելէ:

-Արծիւները ե՞րբ կը համրեն:

-Սիլվա՛, կարիք չկայ արծիւները համրելու, անոնք փախչող ծիտեր չեն, որ աշնան տերեւաթափէն վհատին եւ կամ ցուրտէն խորշին: Արծիւները տոկուն եւ ուժեղ են, որոնք հաստատ ու կառչած կը մնան իրենց սկզբունքին՝ մնայուն ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ գաղափարին:

-Ուրեմն Արծիւներն ալ կը համրուին, բայց միայն ռազմադաշտերուն վրայ…։

 

 

«Ծիտերը աշնան կը համրեն»: Յաճախ լսած եմ այս ասոյթը եւ վաղուց ըմբռնած եմ անոր պարփակած իմաստը, սակայն այսօր ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ ծիտերը միայն աշնան կը համրեն: Միթէ՞ աշնան լերկացած ճիւղերուն վրայ ծիտերը աւելի ակնյայտ կը դառնան, թէ՞ գաղթի երկնակամարին վրայ անոնց երամները աւելի ուշագրաւ կ՚ըլլան:

-Սիլվա՛, ի՞նչ կը փնտռես, երբ խօսքին իմաստը հասկցած ես։ Պարզ է, որ ճլվլացող թռչնիկները աշնան կը գաղթեն, երբ կը նախատեսեն գալիք օրերուն ցուրտը եւ անբարենպաստ պայմանները: Հազիւ արեւուն լոյսն ու ջերմութիւնը կը մեղմանայ, անոնք իրենց փետուրները կը հաւաքեն ու կը մեկնին դէպի տաք վայրեր:

Յար եւ նման մարդկանց, ովքեր չեն հանդուրժեր ամենադոյզն դժուարութիւնները եւ տագնապները: Թէեւ կը մեծախօսեն կը յոխորտան, կ՚ոգեւորեն, կը յուսադրեն, սակայն առաջին առիթին, երբ պէտք է իրենց խօսքը գործի վերածեն, իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն, յանկարծ կը փախչին ու կ՚անհետանան։

Ծիտերու նկարագիրով անհատներ, որոնցմէ ոչինչ կը մնայ համրելիք: Նոյնպէս ալ դէպքերը, դէմքերը եւ գաղտնիքները կը բացայայտուին «Աշնան» երբ ժամանակն ու պայմանները կը մերկացնեն իրականութիւնը։

-Արդեօք կա՞ն քաջ եւ տոկուն թռչնիկներ, որոնք ճլվլալէ անդին՝ կը տոկան ցուրտին, ամպոտ օրերուն եւ հաստատ կը մնան ու կը կառչին իրենց շալկող ճիւղերուն, յիշելով գարնան տերեւներուն պարգեւած շուքն ու զովը:

-Սիլվա՛, ես չեմ հասկնար, թէ ի՞նչ կը փնտռես եւ կամ ծիտերէն ի՞նչ կ՚ակնկալես:

- Պարզապէս հարցում մըն էր, որ ծագեցաւ միտքիս մէջ: Դուն կը ճանչնաս զիս. ես յաճախ բարձրաձայն կը մտածեմ։

-Լաւ Սիլվա՛, ուրեմն ծիտերը մէկդի ձգենք եւ քեզի պատմեմ արծիւներուն եւ անոնց յատկութիւններուն մասին։ Արծիւները՝ քաջ, տոկուն, սրատես, արագասլաց... թռչուններ են, որոնք վտանգը կը տեսնեն եւ քաջաբար կը դիմակայեն: Դժուարութիւններու դիմաց չեն ընկրկիր, այլ տոկուն կեցուացք կ՚որդեգրեն:

Անոնք զոհեր չեն դառնար այլ իրենք կը գերեն իրենց թշնամիները: Վախկոտ ու սմսեղուկ ծիտերու նման չեն պահուըտիր, այլ յարձակողի դերին մէջ կ՚ըլլան: Չեն ճլվլար ու շատախօսեր, հապա լուր ու խոհուն քայլեր կ՚առնեն: Անոնցմէ հերոսներ  ու յաղթանակներ կը ծնին, նոյնիսկ անկարելին կը դարձնեն կարելի:

Բարձունքներն են արծիւներուն նպատակակէտերը եւ այդ պատճառով ալ անոնք դրօշներուն եւ զինանշաններուն վրայ խրոխտօրէն  կը հանգչին: Արծիւը թռչուններու թագաւորն է, դափնին ու թագը իրեն կը վայելէ:

-Արծիւները ե՞րբ կը համրեն:

-Սիլվա՛, կարիք չկայ արծիւները համրելու, անոնք փախչող ծիտեր չեն, որ աշնան տերեւաթափէն վհատին եւ կամ ցուրտէն խորշին: Արծիւները տոկուն եւ ուժեղ են, որոնք հաստատ ու կառչած կը մնան իրենց սկզբունքին՝ մնայուն ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ գաղափարին:

-Ուրեմն Արծիւներն ալ կը համրուին, բայց միայն ռազմադաշտերուն վրայ…։

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...