image
Հրատապ լուրեր:

Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճան Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանին

   Ծայրագոյն Վարդապետի Աստիճան  Հոգշ. Տ. Պետրոս  Վրդ. Մանուէլեանին

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանին, ըսաւ. «Հայր Սուրբ, իմ խրատս եւ պատգամս այս է. սիրէ՛ քու եկեղեցիդ եւ ժողովուրդդ, սիրէ Թեմդ, փառքն ու պատիւը փնտռէ Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառայելո՛ւ մէջ, եւ այն ատեն կը յաջողիս ու խոնարհութեամբդ կը բարձրանաս»։

 

 

Օրերս Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան տեղի ունեցած է 

Քուէյթի   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ եւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանին։

 

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Քուէյթի   Առաջնորդարանի   դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

 

Հրամանաւ եւ բարձր տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ին, Քուէյթի Սբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ եւ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը, ձեռամբ յատուկ այս արարողութեան համար Քուէյթ ժամանած, Թեմիս առաջին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանի:

Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Պր. Վարդգէս Յովսէփեան, Քուէյթի մօտ Սուրիոյ Դեսպանատան Գործերու Հաւատարմատար Պր. Մուսթաֆա Տայյուպ, Լիբանանի Դեսպանատան Գործերու Հաւատարմատար Պր. Պասէլ Ուայտաթ եւ Քուէյթի այլ եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ հոգեւորականներ:

Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը յաջորդաբար Հայր Պետրոսին շնորհեց Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը աստիճանները, գաւազանը եւ վարդապետելու կատարեալ իշխանութիւնը, մինչ եկեղեցւոյս դպրաց դասը մասնակցեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող շարականներով եւ Աստուածաշնչեան ընթերցումներով։

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Գերաշնորհ Օշական Սրբազան խօսեցաւ իր սիրելի քուէյթահայութեան հետ, յայտնելով, թէ սիրտը ուրախութեամբ լեցուած է, տեսնելով նորակառոյց այս եկեղեցին, որ կը վկայէ, թէ քուէյթահայութիւնը իր հոգեւոր հայրերով, ղեկավարութեամբ ու ժողովուրդով հետեւողական կերպով շարունակած է այս գաղութը ծաղկեցնելու սրբազան գործը։ Ան յանձնարարեց քուէյթահայութեան, որ ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ կանգուն եւ կենսունակ պահէ Աստուծոյ այս սուրբ տունը։

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանին, ըսաւ. «Հայր Սուրբ, իմ խրատս եւ պատգամս այս է. սիրէ՛ քու եկեղեցիդ եւ ժողովուրդդ, սիրէ Թեմդ, փառքն ու պատիւը փնտռէ Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառայելո՛ւ մէջ, եւ այն ատեն կը յաջողիս ու խոնարհութեամբդ կը բարձրանաս»։

Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան իր կարգին շնորհակալական խօսք արտասանեց, ուր նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որուն յատուկ արտօնութեամբ է, որ այս յոյժ կարեւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գերշ. Տ. Օշական Սրբազանին, որ այս գեղեցիկ առիթով անգամ մը եւս այցելեց Քուէյթ, ապա անդրադառնալով Սրբազան Հօր պատգամին, Հայր Սուրբը ըսաւ. «Կը խոստանամ առաւել եւս սիրել արդէն իսկ սիրած Թեմս եւ անոր ժողովուրդը, եւ համեստութեամբ ծառայել անոնց»։ Գերպ. Հայր Սուրբը խնդրեց ներկաներէն, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն զինք եւ աղօթեն, որ անշեղ քայլերով ընթանայ Աստուծոյ ճանապարհէն, զոր ընտրած է իր մանկութենէն։

Աւարտին, Հոգեւոր հայրերը, հիւրերն ու գաղութի զաւակները մեծ բազմութեամբ ուղղուեցան դէպի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան շնորհաւորանքներ ընդունեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյս Տիկնանց Յանձնախումբի պատրաստած գեղեցիկ հիւրասիրութիւնը։