Հոկտեմբեր 2-ին սնունդ տեղափոխող մեքենայի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով զոհուած զինծառայող Արամ Քոչարեանը ՀՀ նախագահի հրամանագրով պարգեւատրուած է մարտական ծառայութեան մետալով։
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին եւ 9-րդ մասերի.
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելիս ցուցաբերած խիզախութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի ժամկէտային պարտադիր զինծառայող, շարքային Արամ Տիգրանի ՔՈՉԱՐԵԱՆԻՆ յետմահու պարգեւատրել Մարտական ծառայութեան մեդալով»,-ըսուած է հրամանագրի մէջ։