image

Ծանր հիւանդութեան հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Վեր. Յարութիւն Խաչատրեան

Ծանր հիւանդութեան հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Վեր. Յարութիւն Խաչատրեան

Յետ ծանր հիւանդութեան մահացած է Լոս Անճելոսի Հայ Աւետ. Համայնքի երիտասարդ հովիւ՝ Վեր. Յարութիւն Խաչատրեան։

Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդ հովիւներէն Վեր. Յարութիւն Խաչատրեանի մահուան բօթը տխրութեան ալիք բարձրացուցած է համայնքի բոլոր անդամներու մօտ։

Վերապտուելին (Արմատներով՝ Հայաստանէն) երկար տարիներ ծառայած  է այդ համայնքէն ներս, հանդիսանալով եկեղեցւոյ անդամ ու ապա ստանալով աստծաուաբանական կրթութիւն ու համալրելով Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ շարքերը։

Բոլորի կողմէ սիրուած ու գնահատուած Վերապատուելին ունէր նաեւ երաժշտկական ունակութիւններ ու ան քանի մը կրօնաշունչ երգերու երաժշտական յօրինումն կատարած էր ու նաեւ հանդէս եկած էր կատարումներով։

Ամիսներ առաջ յետ որոշակի անհանգստութիւններու անոր մօտ յայտնաբերուած է արեան քաղցեղ, որմէ ետք հետեւած է բժիշկներու դարմանումներուն ու անմիջական հոգատարութեան, որոնք սակայն չեն կարողացած փրկել Վեր. Յարութիւն Խաչատրեանի կեանքը։ 

Համայնքին մէջ անոր մասին կը խօսին իբրեւ հանդարտաբարոյ անձնաւորութիւն մը, որու նպատակն ու առաքելութիւնը միաւորուած եղած են՝ լսելի դարձնելու եւ տարածելու իր դաւանած կրօնական ուսմունքներն ու ընկալումները, որոնց ճամբով ալ Վերապատուելին շատ կարճ ժամանակամիջոցին դարձած է համայնքի ամենաաշխոյժ ու սիրելի երիտասարդ առաջնորդներէն մէկը։

Վեր. Յարութիւն Խաչատրեանը 40 տարեկան էր, երկու զաւակներու հայր, սիրուած եւ գնահատուած ամուսին: