«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը կը վստահեցնէ, որ Հատիս լեռան վրայ կառուցուող Յիսուս Քրիստոսի արձանի շինարարութեան աւարտէն ետք մեծ հնարաւորութիւններ պիտի բացուին փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու համար, աշխատատեղեր պիտի ստեղծուին։ Արագածաւան համայնքին մէջ մայիս 16-ին քարոզարշաւի ժամանակ Գագիկ Ծառուկեանը նշած է, որ արձանի կառուցման նախաձեռնութիւնն ի նշան ազգային վերածնունդին եղած է։
«Մենք հզօր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ ենք եղել, դրա համար էլ իմ մտքով անցաւ, որ ես կարողանամ Յիսուս Քրիստոսի արձանը կառուցել, որ իմ ազգը աշխարհով մէկ ասելու բան ունենայ»,-ըսած է ան։
Ծառուկեանը քաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ իրենց նախընտրական ծրագիրը գրուած է ժողովուրդի հետ շփումներու հետեւանքով։
«Ես այս հող ու ջրում մեծացած մարդ եմ, սովորական աշխատող ընտանիքից կայացել եմ, միշտ իմ ազգի պատիւը բարձր եմ պահել, ժողովրդին ինչով կարողացել օգնել եմ։ Բայց օգնելով երկիր չես պահի։ Անգիր գիտեմ մեր ժողովրդին ինչ է պէտք։ Ժողովուրդն ուզում է, որ մատից փուշ հանող լինի, իսկ մենք լաւ թիմ ունենք, լաւ փորձ ու ցանկութիւն եւ կարող ենք գումարները ճիշդ նպատակին ծառայեցնել»,-ըսած է ան։
ԲՀԿ կուսակցութեան առաջնորդը նշած է, որ իրենց նախընտրական ծրագրի կարեւոր կէտերէն է կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը անվճար դարձնելը, ինչպէս նաեւ շարունակել զարգացնել մարմնամարզութիւնը յատկապէս համայնքներու մէջ։
«Բոլոր գիւղերում այսօր պէտք է սպորտդպրոցներ բացուեն, որպէսզի երեխաները կտրուեն փողոցից եւ առողջ մեծանան»,-ըսած է ան։
Գագիկ Ծառուկեան կ՚առաջարկէ նաեւ համաներման հնարաւորութիւն շնորհել կալանաւորներուն, քանի որ կալանավայրերն, ըստ իրեն, բաւականին ծանրաբեռնուած են։