Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը մայիս 16-ին յայտարարած է «Համաս» շարժման ռազմական թեւի՝ «Քասսամի փաղանգներ»ու ղեկավար Իզ ալ-Տին ալ-Հատտատի սպանութեան մասին։ Այս մասին յայտնած է իսրայէլեան Ynet կայքը։
Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Պաշտպանութեան բանակի եւ Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան՝ «Շին Պեթ»-ի ներկայացուցիչները հաստատած են Կազայի հատուածին հասցուած հարուածի ժամանակ ռազմական թեւի հրամանատարին ֆիզիքական վերացման մասին տեղեկութիւնը։
«Համաս» տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատած ալ-Հատտատի մահը։ Այնուամենայնիւ, ըստ արեւմտեան լրատուամիջոցներու, Կազայի հատուածի մզկիթներուն մէջ արդէն յայտարարուած է ալ-Հատտատի մահուան մասին, իսկ անկլաւին մէջ կը պատրաստուին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց մայիս 15-ին յայտարարած էին ալ-Հատտատի գտնուած վայրին հարուած հասցնելու մասին։ Անոնք նշած էին, որ ալ-Հատտատը ըղած է Իսրայէլի դէմ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»-ի իրականացուցած յարձակումը կազմակերպողը։
Ալ-Հատտատ «Համաս»-ի ռազմական թեւի ղեկավարութիւնը ստանձնած էր 2025 թուականի մայիսին, երբ Իսրայէլ սպաննած էր նախկին հրամանատար Մուհամմետ Սինուարը։