image

Տօնական օրերու ընդառաջ Իրանի նախագահը այցելած է զոհուած հայ զինուորներու 2 ընտանիքներու

Տօնական օրերու ընդառաջ Իրանի նախագահը այցելած է զոհուած հայ զինուորներու 2 ընտանիքներու

Երեքշաբթի երեկոյեան՝ Յիսուս Քրիստոսի օրհնեալ ծննդեան տօնի նախօրէին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը հանդիպած է սրբազան պաշտպանութեան ժամանակաշրջանի հայ նահատակներու երկու ընտանիքներու հետ։ Յայտնած են Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութենէն։

Նախագահը զրուցած է նահատակ Օշաւան Այվազեանի կնոջ՝ տիկին Նինա Յարութիւնեան Նախջեւան Թափէի եւ նահատակ Գագիկ Թումանեանի մօր՝ տիկին Յասմիկ Միրզայեան Ղարաճետաղի հետ եւ բարձր գնահատած այս ընտանիքներու զոհողութիւնները:

Այս հանդիպումներուն նախագահը, բարձր գնահատելով այս նահատակներու անձնազոհութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ նահատակներու մայրիկի եւ կնոջ համբերութեան ու տոկունութեան համար։

«Նահատակներու թանկագին մայրերն ու կանայք անզուգական համբերութեամբ պատկերեցին անձնազոհութեան գեղեցիկ դրսեւորումը։ Այս վեհ նահատակները իրենց կրօնական ուսմունքներով, օրինակելի յանձնառութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կանգնեցին միւս հայրենակիցներու կողքին՝ ի պաշտպանութիւն երկրի պատուի ու անձեռնմխելիութեան եւ իրենց հաստատակամութեամբ ու վճռականութեամբ պիտի ըլլան երկրի յաւերժական հպարտութեան ու պատուի առարկան»,- մասնաւորապէս ըսուած է Իրանի Նախագահի՝ երկու հայ նահատակներու ընտանիքներուն յանձնած շնորհակալագրին մէջ: