Թուրքիոյ ընդդիմադիր դաշինքը մտադիր է 14 մայիսին կայանալիք համընդհանուր ընտրութիւններուն միասնական թեկնածու յայտարարել Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։ Այդ մասին գրած է Hürriyet թերթը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ վեց կուսակցութիւններէ բաղկացած ընդդիմադիր դաշինքը հինգշաբթի օր քանի մը ժամ տեւած քննարկում ունեցած է՝ որոշելով 14 մայիսին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու միասնական թեկնածուն։
Աւելի վաղ այս կապակցութեամբ երեք անուն հնչած էր՝ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի եւ Անգարայի քաղաքապետեր Էքրեմ Իմամօղլուն եւ Մանսուր Եաւաշը։ Յայտարարութեան մէջ, որու տակ կայ վեց ստորագրութիւն, ըսուած է, որ փոխհամաձայնութիւն ձեռք բերուած է, սակայն բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկուշաբթի։