Կը կարծեմ, որ թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով իշխանութեան եկած վերնախաւը կամ անոր մէկ մասը շատ հարցերու մէջ վերապատրաստուած է արեւմտեան յատուկ ծառայութիւններուն կողմէց: Այս մասին յայտնած է ԵԱՏՄ հիմնարկի տնօրէն եւ Եւրասիական փորձագիտական ակումբի համահիմնադիր Վլատիմիր Լեփեխինը:
«Եւ այսօր պատահական չէ, որ մարդիկ փողոց դուրս կու գամ Հայաստանի մէջ: Բողոքի շարժում կը հասուննայ, քանի որ անոնք կը զգան, որ իրենց կը դաւաճանեն իրենց կռնակէն: Բանակցութիւններ կը սկսին, բանակցութիւններ թուրքերու հետ: Ինչի՞ մասին այսօր կարելի է խօսիլ թուրքերուն հետ, երբ Թուրքիան Ատրպէյճանի միջոցով գործնականին մէջ գրաւած է հայկական տարածքին մէկ երրորդը: Մի՞թէ պարզ չէ, որ Թուրքիան իր առջեւ խնդիր դրած է աստիճանաբար իրեն ձուլել Հայաստանը», ընդգծած է ռուս փորձագէտը:
Ան որպէս օրինակ բերած է այն իրավիճակը, որուն մէջ այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին ապրող քիւրտերը:
«Հայերը, ինչ է, կը փափաքին քիւրտերու պէ՞ս ապրիլ` ինչ-որ թրքական պետութեան կազմի մէջ: Այժմ սթափեցման գործընթաց կը սկսի նաեւ Վրաստանի մէջ, սակայն թրքական նկրտումները կը տարածուին ամբողջ Կովկասի վրայ: Այդ պատճառով Թուրքիոյ առաջադրանքը նախ Հայաստանը, ապա Վրաստանը խժռելն է, այնուհետեւ` Հիւսիսային Կովկասը: Մի՞թէ այդ պարզ չէ հայաստանեան ղեկավարութեան համար», ընդգծած է Վլատիմիր Լեփեխինը: