Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կրկին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու թեմային։
Չաւուշօղլու յիշեցուցած է, Հայաստանը եւ Թուրքիան արդէն բանագնացներ նշանակած են եւ ամենամօտ ժամանակներուն անոնք պիտի հանդիպին։
Չաւուշօղլուն շեշտած է, որ Թուրքիոյ նպատակն է տարածաշրջանին մէջ երկիրները իրար միացնող ճանապարհներն ու երկաթուղիները, յատկապէս «Զանգեզուրի նախագիծը» կեանքի կոչուի։ «Այդ նախագիծերը կեանքի կոչելու համար Թուրքիան ձեռքէն եկածը պիտի ընէ», ըսած է Չաւուշօղլուն՝ յաւելելով, որ Հայաստանի հետ բոլոր քայլերը Թուրքիան պիտի համաձայնեցնէ Ատրպէյճանի հետ։