Թուրքիոյ մէջ թէեւ կը փորձեն ամերիկեան տոլարի նկատմամբ թրքական լիրայի փոխարժէքը 15 լիրայէն ցածրպահել, այնուամենայնիւ, այդ չի կասեցներ աննախադէպ սղաճը երկրին մէջ:
Մարտ ամսուայ դրութեամբ սղաճը կազմած է 60%, եւ սա աննախադէպ է վերջին 20 տարուայ կտրուածքով:
Համապատասխան գերատեսչութիւնները կ'ակնկալեն, որ մինչեւ տարեվերջ սղաճը պիտի նուազի` հասնելով ողջամիտ մակարդակի:
Սակայն տնտեսագէտները այնքան ալ լաւատես չեն այս հարցով եւ իրենց կանխատեսումներուն մէջ կը նշեն, որ մի քանի ամիսէն սղաճը կրնայ հասնիլ իր գագաթնակէտին` կազմելով 70-75%:
Թրքական լիրայի փոխարժէքը տոլարի նկատմամբ ներկայիս 14.70 է, իսկ եւրոյի նկատմամբ` 16.15: