image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ չեն բացառեր Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններուն մէջ «նոր դարաշրջանի» սկիզբը

Թուրքիոյ մէջ չեն բացառեր Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններուն մէջ «նոր դարաշրջանի» սկիզբը

Անգարայի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը շատ հաւանական է, սակայն համապարփակ համագործակցութեան մասին խօսիլը դեռ վաղ է։ Այս մասին ՌԻԱ Նովոստիի հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան պատգամաւոր Օրհան Միրօղլուն։

«Շատ դժուար է ըսել, որ Սուրիոյ հետ սկսած է գործընթաց մը, որ կարելի է դիտարկել որպէս «ինչպէ՞ս», «ե՞րբ», «որո՞ւ հետ» եւ «ինչո՞ւ» հարցերու յստակ պատասխան։ Սուրիական կողմը, կարծես, կը ցանկայ, որ բանակցութիւններն ընթանան երրորդ երկրի մէջ, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, ըլլայ Ռուսիան։ Հետեւաբար՝ դեռ վաղ է խօսիլ համապարփակ համագործակցութեան մասին»,- ըսած է թուրք պատգամաւորը:

Անոր խօսքով՝ Դամասկոսի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ նոր դարաշրջանի սկիզբը կրնայ դրուիլ ընտրութիւններէն առաջ, եւ անոր հաւանականութիւնը շատ մեծ է, սակայն ակնյայտ է, որ իրենք դեռ հեռու են գործողութիւններուն մէջ գործընկերութիւն ընելու գաղափարէն։