Թուրքիան յայտարարած է, որ կրնայ ամերիկեան F-16-երու փոխարէն ռուսական Սու-35 կործանիչներ գնել։ Այս մասին ՌԻԱ Նովոստիին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ՝ Իսմայիլ Տեմիր։
Նշուած է, որ այդ հնարաւոր է, եթէ Ուաշինկթընի հետ F-16 Fighting Falcon-ի գործարքը ձախողի։
«Տարբերակներէն մէկը կրնայ ըլլալ Սու-35-ը»,- ըսած է Տեմիր։