Անգարան Կազայի հարցով խաղաղութեան միջազգային համաժողով կայացնելու հարցով ստացած է տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու աջակցութիւնը եւ համապատասխան աշխատանքներ կ՚իրականացնէ այդ ուղղութեամբ։
Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ վկայակոչելով Անգարայի մէջ իր դիւանագիտական աղբիւրը։
Աւելի վաղ խաղաղութեան միջազգային համաժողով կայացնելու մտադրութեան մասին յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։
«Պարոն Էրտողանի յայտարարութենէն ետք տարածաշրջանի շարք մը երկիրներէ դիւանագիտական ուղիներով հաղորդագրութիւններ ստացանք այս գաղափարին աջակցելու մասին: Պարոն նախագահի յանձնարարութեամբ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Յուսով ենք՝ շատ շուտով այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի», -ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։