Թուրքիան Հայաստանի առջեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցէն հրաժարելու պահանջ չէ դրած։ «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցման ի պատասխան ըսած է Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, հայ–թրքական յարաբերութուններու կարգաւորման հարցով Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Հարցին, թէ երբ ՀՀ-ն կը յայտարրարէ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու հաստատման մասին`արդեօ՞ք Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը նոյնպէս կը մտնէ ատոր մէջ` Ռուբինեանը պատասխանած է.
«Առանց նախապայմանների յարաբերութիւնների հաստատումը նշանակում է այն, ինչ նշանակում է`յարաբերութիւնների հաստատում առանց որեւէ նախապայմանի`որեւէ կողմից, որեւէ հարցում»։