Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ԺՀԿ) պատգամաւոր՝ Օքան Գայթանճըօղլու յայտարարած է, որ երկիրը կ'երթայ դէպի պարէնային ճգնաժամ:
Խորհրդարանի մէջ կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին ան նշած է, որ Թուրքիան գիւղատնտեսութեան եւ սնունդի ոլորտի մէջ լուրջ խնդիրներ ունի: Ըստ Գայթանճըօղլուին՝ նախագահական կառավարման համակարգին անցնելէն յետոյ կառավարութիւնը նուազեցուցած է հողագործներուն տրուող նպաստները, միեւնոյն ժամանակ հանուած են գիւղամթերքի ներմուծման մաքսատուրքերը, ինչ որ հարուածած է տեղական արտոդրողներու մրցունակութեան:
Ըստ ընդդիմադիր պատգամաւորին՝ իշխող կուսակացութեան («Արդարութիւն եւ զարգացում»-ԱԶԿ) կազմած կառավարութիւնը ոչինչ ըրած է «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն պարարտանիւթերու գիներու մինչեւ 700 տոկոսանոց աճը զսպելու համար, մինչդեռ աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ վերանայուած են գիւղատնտեսութեան տրուող ֆինանսաւորումները:
«Թուրքիան կ'երթայ դէպի պարէնային ճգնաժամ: Նախորդ տարի 1 հացը 1.5 լիրա էր, այժմ 3-3.5 լիրա է: Այս երկիրը պէտք չէ ներմուծէ այն ապրանքները, որոնք կրնայ ինք արտադրել, քանի որ եթէ նոյնիսկ փող ունիս, կրնայ գալ օր մը, որ չկարողանաս ներմուծում ընել: Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ լուրջ լարուածութիւն կայ: Եթէ ընդունինք, որ Թուրքիան գիւղատնտեսական ապրանքներու գրեթէ կէսը կը ներմուծէ այդ երկիրներէն, ուրեմն պատերազմ ըլլալու պարագային ցորեն չի կարողանար այլեւս ներմուծել: Թուրքիան այլ ճանապարհ չունի, քան իր արտադրողին պաշտպանելն ու աջակացիլը եւ արտադրող երկիր դառնալը»,- ըսած է ընդդիմադիր պատգամաւորը։
Լուրը՝ Ermenihaber.am-էն