Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգի վերականգնման համար միաւորուած վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յանձնաժողով ստեղծած են` անցումային շրջանի իրաւական մեխանիզմները քննարկելու համար:
Յանձնաժողովը պիտի քննարկէ նաեւ նախագահին ապագայ պարտականութիւններն ու լիազօրութիւնները, կառավարութեան աշխատանքը, նախարարներու նշանակումը եւ փոփոխութիւնները խորհրդարանի կանոնակարգին եւ քաղաքական կուսակցութիւններու մասին օրէնքին մէջ:
Վեց քաղաքական կուսակցութիւն, այդ շարքին` գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը, ընդհանուր սկզբունքներու վրայ հիմնուած դաշինք կազմած են, որոնք ուղղուած են Թուրքիոյ նախագահական կառավարման համակարգի վերացման, որ 2018 թուականին լայնածաւալ գործադիր լիազօրութիւններ տուաւ Ռեճեպ Թայիպ Էրդտողանին: Կողմերը բանակցութիւններ սկսած էին անցեալ տարի, երբ հարցախոյզները ցոյց տուին, որ Էրտողանը եւ անոր «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը հասարակութեան աջակցութեան կրճատման կը բախին 2023 թուականի Յունիսին նախատեսուած ընտրութիւններու նախաշեմին:
Կուսակցութիւնները կ'աշխատին նաեւ միասնական թեկնածուի առաջադրման ուղղութեամբ, որ ընտրութիւններուն պիտի պայքարի Էրտողանի դէմ: