image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա կը դիտարկէ Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան հարցը

Թուրքիա կը դիտարկէ Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան հարցը

Անգարան կը դիտարկէ Թուրքիոյ հետ օդային հաղորդակցութիւն հաստատելու Հայաստանի ցանկութիւնը, յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն:

Ան յիշեցուցած է, որ ինչպէս յայտնած էր Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի իր ելոյթին մէջ, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ պիտի նշանակուի, ինչ որ կատարուեցաւ։

Արտաքին գործոց նախարարը յաւելած է, որ այդ հարցը քննարկած է ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ, նաեւ շեշտած, որ Անգարան խորհրդակցութիւններ կը կատարէ եւ համատեղ որոշումներ կը կայացնէ Պաքուի հետ տարածաշրջանային, յատկապէս Հարաւային Կովկասի հարցերուն շուրջ: