Թուրք յայտնի կառավարամէտ հոգեւորական Ահմետ Մահմուտ Ունլյուն դատապարտած է Ժողովուրդներու դեմոկրատական ընդդիմադիր քրտամէտ կուսակցութեան (HDP) կողմնակիցները՝ կոչ ընելով զրկելու զանոնք թրքական քաղաքացիութենէն:
Ուրբաթ YouTube-ի իր ալիքով հրապարակած տեսանիւթին մէջ բարկացած հոգեւորականը, որ յայտնի է նաեւ որպէս Քիւպպելի Ահմեթ Խոճա, կոչ ըրած է «ոչնչացնելու» Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանի մեծութեամբ երրորդ կուսակցութիւնն է, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած է Աստուծով «անիծելու» այդ խմբաւորումը եւ թոյլ չտալու անոնց յաղթահարել խորհրդարանական անցողիկ շեմը յաջորդ ընտրութիւններուն:
«Եթէ դուք չզրկէք քաղաքացիութենէն անոնց, ովքեր կը քուէարկեն HDP-ի օգտին եւ անով կ՛աջակցին Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան գրոհայիններուն, դուք չէք կրնար ազգի ինքնաիշխանութեան հասնիլ կամ կանխել տարանջատումը», յայտարարած է 57-ամեայ հոգեւորականը:
«Թող Աստուած անոնց գլխուն թափէ բոլոր դժբախտութիւնները: Անոնք կ՛աշխատին հրեաներու համար…», ըսած է Ունլյուն: