Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը փոխնախարար Մուհսին Տերէի գլխաւորութեամբ այցելած է Նախիջեւան:
Գերագոյն մեճլիսի նախագահ Վասիֆ Թալիպովի հետ հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան հարցերուն:
Մուհսին Տերէն ընդգծած է բանակաշինութեան ոլորտին մէջ տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը՝ որպէս երկկողմ յարաբերութիւններու անբաժանելի մաս, եւ նշած՝ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ռազմավարական եւ աշխարհագրական կարեւորութիւնը: