Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա առ ոչինչ կը դարձնէ Իրաքի սահմանները հատելու վերաբերեալ միջազգային կանոնները եւ իրաքեան քաղաքական գետնի բաղկացուցիչ «Ասահէտ ահլ ալ հաք» շարժման ղեկավար Քայս Ալ Խազհալի միակ գործիչն է, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նկրտումները։
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Հուլուսի Աքար այսօր յայտարարած է, թէ գործարկուած է ռազմական գործողութիւն Իրաքի մէջ տեղակայուած քրտական կէտերուն դէմ։
Աւելի ուշ կարճ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար ՝ Հուլուսի Աքարը նշելով, որ իրենց գործողութիւնը նպատակ ունի արագ եւ ուժեղ հարուածներ տալ Իրաքի հիւսիսային հատուածներուն մէջ գտնուող քրտական խմբաւորումներու կէտերուն։
Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա առ ոչինչ կը դարձնէ Իրաքի սահմանները հատելու վերաբերեալ միջազգային կանոնները եւ իրաքեան քաղաքական գետնի բաղկացուցիչ «Ասահէտ ահլ ալ հաք» շարժման ղեկավար Քայս Ալ Խազհալի միակ գործիչն է, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նկրտումները։
Իրաքի հիւսիսային հատուածներուն եւ յատկապէս «Քընտիլ» լեռնային շրջաններուն մէջ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուին քրտական ուժերու եւ մասնաւորապէս PKK-ի ռազմավարական կարեւոր կեդրոններ։
Լուրը՝ «Ալ Մայատին»էն