Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տան մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացուցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ պըն Սըլմանը։ Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ կողմերը ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ ռազմավարական համաձայնագիր, ինչպէս նաեւ յայտարարած են թագաւորութեան կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հարիւր միլիառաւոր տոլարի նոր ներդրումներու մասին։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է The Associated Press գործակալութիւնը։
Կողմերը համաձայնութեան եկած են Սէուտական Արաբիոյ ամերիկեան F-35 կործանիչներ վաճառելու շուրջ։ Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ Փենթակոնի մէջ որոշ պատասխանատուներ ընդդիմացած էին այս քայլին, քանզի մտավախութիւն կար, որ այդ առաջադէմ արհեստագիտութիւնը կրնայ հասնիլ Չինաստան, որու հետ Սէուտական Արաբիան ունի սերտ յարաբերութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ, հանդիպման ընթացքին Թրամփ նշած է, որ Իսրայէլ արդէն ունի F-35-եր, եւ իրեն հաճելի պիտի չըլլայ, որ Սէուտական Արաբիան եւս ստանայ այդ կործանիչները։
Իսրայէլեան պաշտօնեաներու համաձայն՝ իրենք դէմ չեն ըլլար ատոր, եթէ Սէուտական Արաբիան կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ Աբրահամեան համաձայնագիրներու շրջածիրէն ներս։
Սպիտակ Տան մէջ Մուհամմատ պըն Սըլման կրկնած է այն դիրքորոշումը, որ թագաւորութիւնը պիտի միանայ Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միայն այն պարագային, երբ երաշխաւորուած ու հաւաստի ուղի ըլլայ պաղեստինեան պետականութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրադրութիւնը երկու պետութեան բանաձեւով լուծելու համար։
Բացի F-35-երուն վերաբերող համաձայնութիւններէն, երկու երկիրները ստորագրած են նաեւ այլ պայմանագիրներ, ըստ որուն Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներէն պիտի գնէ 300 հրասայլ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքով՝ Սէուտական Արաբիան իր ռազմական ներուժը պիտի ամրապնդէ ամերիկեան ռազմական սարքերու լայնածաւալ գնումներու շնորհիւ, որոնց համար պիտի ծախսէ մօտաւորապէս 142 միլիառ տոլար։
Թրամփ շեշտած է, որ երկու երկիրներու անվտանգութեան ամրապնդումէն բացի, այս քայլը պիտի ամրապնդէ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դերը՝ որպէս Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան կարեւոր գործօն։ Թրամփ նաեւ յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ ձեռք պիտի բերուի քաղաքացիական միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնագիր։
Բացի այդ, ընթրիքի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան պիտի ներառուի ՆԱԹՕ-էն դուրս Միացեալ Նահանգներու հիմնական դաշնակիցներու շարքին։ Սա, ըստ The Associated Press-ի՝ Միացեալ Նահանգներու օտարերկրեայ գործընկերներուն կու տայ որոշակի առաւելութիւններ՝ պաշտպանութեան, առեւտուրի եւ անվտանգութեան համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ։