Թիֆլիսի մէջ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Իրաքլի Չիքովանիի եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Հուլուսի Աքարի հանդիպման քննարկուած է Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան կարեւորութիւնը, հաղորդած է «sputnik-georgia.ru»-ն։
Գործակալութիւնը յիշեցուցած է, որ Վրաստանը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ռազմավարական դաշնակիցներ են. երկիրներու միջեւ պաշտպանական համագործակցութիւնը սկսած է 2012-ին:
Ինչպէս նշած են կողմերը, եռակողմ համագործակցութիւնն ուղղուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման։ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը նշած է, որ այս տարի Վրաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպում։
Չիքովանին նշած է, որ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան նախապայմաններէն մէկն է։