image

Թեհրանեան գագաթ կամ հակազդեցութիւն արաբ-ամերիկեան նոր սիրախաղին

Թեհրանեան գագաթ կամ հակազդեցութիւն արաբ-ամերիկեան նոր սիրախաղին

Թեհրանի մէջ վերջերս կայացած գագաթը ունէր բազմանիշ ուղղութիւններ։

Նախ յիշեցնելու կարգով պէտք է հաստատել այն փաստը, որ Թեհրանի գագաթաժողովը, որուն անձամբ ներկայ կ՚ըլլային տարածաշրջանային  երկու հիմնական ուժեր՝ Թուրքիան եւ Իրանը, նաեւ միջազգային գերուժ՝ Ռուսաստանը, ունէր խորքային նպատակ մը. աշխարհին «բացատրելու» եւ բացայայտ կերպով ըսելու, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեծ ճիգերով իրականութիւն դարձած Ճիտտէի գագաթը ունի «հակազդող» կողմ, որուն մասնակիցները մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ունին ազդեցութեան գօտիներ «կառավարելու» մեծ ու լարուած ներուժ։ Եթէ այդ կտրուածքով նայիլ փորձենք հարցերուն, ապա ապահովաբար պիտի ըսենք, որ այս գագաթը հասաւ իր նպատակներուն ու անգամ մը եւս ամրացուց մինչեւ հիմա երեք կողմերուն միջեւ առկայ փոխվստահութեան առանցքները։

Երկրորդ կէտը, որուն մասին հարկ է խօսիլ, այն ալ Ուքրայնայի պատերազմին ընդհանուր տեսարանն է։ Այդ տագնապին համար էր, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն կը ժամանէր Մերձաւոր Արեւելք։ Ան կ՚ուզէր փորձել ինչ-որ չափով «խօսք հասկցնել» կամ աւելի ճիշդը՝ «աղերսել» «արաբական նաւթ»ի «պապաներ»ուն, որպէսզի աւելցնեն նաւթի արտադրութիւնը, խորհելով, որ այդ կերպով կարելի պիտի ըլլայ փարատել Եւրոպայով մէկ ամէն օր նոր աճ արձանագրող նաւթի, ինչպէս նաեւ տնտեսական մեծ խնդիրները։

Շատեր կրնան առարկել, որ ԱՄՆ-ի ընդհանուր նպատակներուն մէջ կայ մէկ ու միակ գլխաւոր առանցք. աւելիով թուլացնել եւրոպական ճակատը, որ արդէն չունի առաջուան «հմայք»ն ու ներուժը։ Այստեղ անշուշտ տակաւին պարզ չէ, թէ Պայտըն ինչքանով յաջողեցաւ իր ծրագրին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, արաբական շրջանակներուն մէջ աւելի քան յստակ է, որ այդ առումով կը տիրէ բաւականին «գաղջ» մթնոլորտ մը, ինչ որ կը վերաբերէր ԱՄՆ-ի «փութկոտ» օգնութիւն մը հասցնելու տեսակէտին։ Արաբները առաջուան տեսակէտը չունին ԱՄՆ-ի վերաբերեալ ու սա նաեւ մեծագոյն փաստ է, որ ինք՝ Ամերիկա չունի առաջուան ներուժն ու մանաւանդ կարողականութիւնը։

Վերադառնալով Թեհրանի գագաթաժողովին, հարկ է անպայման նշել, որ այս բոլոր ալիքներէն անդին, Իրանի մէջ կայացած գագաթաժողովը ոչ այլ ինչ է, բացի այն տրամաբանական կապին եւ երկար տարիներու համագործակցութեան, որ դրսեւորուած էր երկար ժամանակներէ ի վեր Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ։

 

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ՝ ՍՈՒՐԻԱՆ ԷՐ

Անկախ վերը ներկայացուած ընդհանուր տեսարանէն, աւելի քան բացայայտ էր, որ Թեհրանի գագաթաժողովը պէտք է անպայման կայանար։ Պէտք է կայանար, որովհետեւ կային կուտակուած հիմնահարցեր՝ կապուած Մերձաւոր Արեւելքի «մեծ աւազան»ին, որ այս առանցք-դաշնակցային ճակատին համար կը նշանաւորուէր Սուրիոյ հիմնահարցերով։

Չմոռնանք, որ այս երեք պետութիւնները ներկայ պահու դրութեամբ մշտական ներկայութիւն ունին Սուրիոյ մէջ։ Ապա նաեւ աւելի քան երեւելի փաստ է, որ այս պետութիւններու յարաբերութիւններու «թէժ կէտեր»ը կամ նոյնիսկ «շփման գիծ»ը Սուրիոյ հիւսիսն է։

Հոն է նաեւ, որ առկայ են Անգարայի մեծ մտահոգութիւնները՝ կապուած Սուրիոյ հետ սահմանային «ապահովութեան գօտի» մը ստեղծելուն, որ մեծ հաշուով ցարդ ալ չէ ունեցած Թուրքիոյ դաշնակիցներուն համապատասխան դրական արձագանգը։ Ու այս կէտին կը ծագի Անգարայի այն մտավախութիւնը, որ այդ գօտիի բացակայութեան պարագային մինչեւ ե՞րբ Թուրքիան պիտի շարունակէ զգալ ներկայութիւնը քրտական զօրամիաւորումներուն, որոնք կը վայելեն ԱՄՆ-ի անմնացորդ նեցուկը։

Ահա, այս արանքէն պէտք է դիտարկել Թեհրանի հանդիպումը, որուն գոյացումը եւ ժամանակի առումով Ուքրայնայի տագնապին հետ զուգադիպութիւնը մեծ հաշուով խանգարեց, որ թրքական կողմը եւ անձամբ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ունենայ «կանաչ լոյս»՝ Սուրիոյ ուղղութեամբ ռազմական նոր գործողութիւն մը սկսելու։

Այս բոլորէն անդին, անշուշտ կային համաձայնութիւններ գոյացնելու օրակարգ, որ փայլուն կերպով կնքուեցան մէկ կողմէ Անգարայի եւ միւս կողմէ Թեհրանի միջեւ։ Բան մը, որ ո՛չ միայն վերահաստատեց առկայ համագործակցութիւնը, այլ քիչ մը անդին երթալով ա՛լ աւելի խորքային դարձուց երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Բացի այս մեծ առանցքէն, կար Հարաւային Կովկասի ընդհանուր օրակարգը, որ կը վերաբերէր Արցախի հիմնախնդրին ու Սիւնիքի մէջ նոր ճանապարհ մը բանալու, կամ միջանցք մը կերտելու խնդիրներուն։ Այս կէտին եւս եւ ի շահ հայկական կողմին, աւելի քան երեւելի է, որ երեք տէրութիւնները տեղ մը համաձայնութեան եկած են, որ մինչեւ այս պահը առկայ սթաթիւքոն շարունակէ դառնալ տիրական, անշուշտ հեռու ռազմական մեծ գործողութիւններ տեսնելու արկածախնդրութենէն, որուն ջատագովը բնականաբար հայկական կողմը չէ։

Մեծ հաշուով ասոնք են Թեհրանի մէջ կերտուած գագաթին հիմնական դրոյթները ու ասոնցմէ անդին գոյութիւն ունի, կայ ու կը շնչէ ԱՄՆ-արաբական աշխարհ «վերաթարմացուած» դաշինքին դէմ կանգնելու վճռական մօտեցումը, որ յառաջիկայ ժամանակներուն ալ կրնայ աւելիով ընդլայնիլ եւ ուժովնալ, անշուշտ մէկ պայմանով, որ Ռուսաստան հասնի իր ամբողջական նպատակներուն արիւնաքամ դարձած Ուքրայնայի մէջ։

Սագօ Արեան 

 «Ժամանակ»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...