«Օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրինագծերու դէմ բողոքի ցոյցերը Թիֆլիսի մէջ իւրատեսակ «դարու PR խաբէութիւն» էին, որու հիմնական նպատակը բռնութեան միջոցով իշխանութիւնը տապալելն է, ըսած է իշխող «Վրացական երազանք՝ Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէն, գրած է sputnik-georgia.ru-ն:
Մարտ 7-էն 10-ը Թիֆլիսի կեդրոնին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցեր էին։ Ցուցարարները՝ հիմնական երիտասարդներ ու ուսանողներ, դէմ էին «Ժողովուրդի ուժը» հասարակական շարժման նախաձեռնած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքներու ընդունման։ Օրինագիծերուն աջակցած էր նաեւ «Վրացական երազանք»-ը։ Ցուցարարներու գործողութիւններու հետեւանքով իշխող կուսակցութիւնը որոշեց ետ կանչել երկու օրինագիծն ալ՝ այդ բացատրելով ցուցարարներու անվտանգութեան մտահոգութեամբ։
Քոպախիձէի խօսքով՝ հազարաւոր մարդիկ բողոքած են օրէնքի դէմ, որու միակ նպատակը Հասարակական Կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման մասին քաղաքացիներուն տեղեկացնելն էր։
«Սա իւրատեսակ «դարու PR խաբեբայութիւն էր», որու հիմնական նպատակը բռնի ճանապարհով յեղաշրջումն էր։ Այս ծրագիրը ձախողեցաւ, քանի որ անոր հակադրուեցաւ մարդասէր, բայց զօրաւոր պետական համակարգը, որ ամուր կանգնած էր եւ կանգնած է ի պահ Վրաստանի պետական անվտանգութեան»,- ըսած է Քոպախիձէն։
Անոր խօսքով՝ անցեալ շաբաթ Վրաստանի իշխանութիւնները հերթական անգամ ցոյց տուին իրենց մարդասիրական դէմքը։
«Ատոր եւս մէկ դրսեւորումը օրինագիծի յետկանչումն էր այն ժամանակ, երբ իրաւապահ մարմինները ունէին լիակատար իշխանութիւն եւ բարոյական գերազանցութիւն բռնի ընդդիմադիր խումբերու նկատմամբ: Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ չենք կրնար վտանգել ոչ մէկ մարդու, ոչ մէկ երիտասարդի առողջութիւնը, առաւել եւս՝ կեանքը այն պայմաններու մէջ, երբ կը սպասուէր արմատական ընդդիմութեան ամէն տեսակի դաժան սադրանք», աւելցուցած է ան։
Թէ՛ Վրաստանի բոլոր արեւմտեան գործընկերները եւ թէ՛ վրացական հասարակութեան մէկ մասը դէմ էին Վրաստանի մէջ «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնքի ընդունման, հակառակ այն բանին, որ օրինագիծի նախաձեռնողները եւ իշխող կուսակցութիւնը կը պնդէին, որ այդ անհրաժեշտ է միայն հասարակական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման թափանցիկութեան համար։