image

Թաթոյեան կը վայելէ քաղաքացիներուն 81%-ին վստահութիւնը. Նոր հետազօտութիւն

Թաթոյեան կը վայելէ քաղաքացիներուն 81%-ին վստահութիւնը. Նոր հետազօտութիւն

Երրկ՝ Յունիս 6-ին, Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոն-Հայաստան հիմնադրամը ներկայացուցած է «Կովկասեան պարոմեթր» 2021թ. հետազօտութիւնը, որու արդիւնքներով եւս Արման Թաթոյեանը ունի բարձր վարկանիշ քաղաքացիներու շրջանին մէջ։

Մասնաւորապէս, ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին մէջ Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամանակահատուածին կայացած հարցման (2021թ. Դեկտեմբեր 18-էն մինչեւ 2022թ. Փետրուար 4) արդիւնքներով՝ Արման Թաթոյեանին կը վստահի քաղաքացիներուն 81%-ը, չեզոք կը վերաբերի (ոչ կը վստահի, ոչ ալ չի վստահիր) 9%, չի վստահիր 7%-ը, չի գիտեր 2%-ը:

Հետազօտական աղբիւրներու կովկասեան կեդրոնը կատարած է նաեւ Հայաստանի բնակիչներու կարծիքի ուսումնասիրութիւն այն մասին, թէ ո՞ր հաստատութիւնները աւելի վստահելի կը համարեն:

17 հաստատութիւններու շարքին, ըստ քաղաքացիներու վստահութեան, առաջին տեղն է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը:

Ըստ այս բաժնի՝ Արման Թաթոյեանին լիովին կը վստահի քաղաքացիներիուն 61,2 %-ը, աւելի շատ կը վստահի 21,4%-ը, ոչ կը վստահի, ոչ ալ չի վստահիր 6,7%-ը, աւելի շատ չի վստահիր 3,8%-ը եւ ընդհանրապէս չի վստահիր 6,9%-ը: