image

Տգեղ կնոջ աղօթքը

Տգեղ կնոջ աղօթքը

Թող այս օրինակները մեզի զգաստութեան հրաւիրեն եւ առաւել բարի պատգամ մը փոխանցեն: Այլոց նսեմացնելու գնով միաւորներ ապահովելու մրցոյթին չմասնակցինք, մեր դիմացինը չվիրաւորենք վասն մեր անհատական եսի ուրճացման , զգուշանանք արտաքին երեւոյթներու հետապնդումը մեր կեանքի միակ նպատակակէտը դարձնելու մոլութենէն:

Մեծանուն բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի  ադամանդեայ խրատը՝ «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր»ը, որպէս նշանաբան գործածենք, իմաստաւորելու համար մեր  առօրեայ ու  ընկերային յարաբերութիւնները։

 

 

Ժամանակին, կար ու չկար միամիտ ու անհրապոյր տեսքով կին մը կար: Այս կինը ամէնօրեայ դրութեամբ ծնկաչոք  կ՚աղօթէր, քանի մը անգամ ալ երեսը կը խաչակնքէր ու կը փսփսար .« Աստուած իմ, խնդրելով կը խնդրեմ, որ գեղեցկացնես զիս»: Խեղճ կինը իր տեսքէն դժգոհ էր եւ իր նիւթական անձուկ պայմանները չէին ներեր, որ գեղագիտական միջոցներու դիմէ, հետեւաբար իր միակ յոյսը Աստուծոյ գործելիք հրաշքն էր: 

Ամէն օր աւելի սրտառուչ խօսքերով կ՚աղօթէր, բայց իր հայելիին մէջ փոփոխութիւն մը չէր տեսներ: Անոր դէմքը, գեղեցկանալու փոխարէն կը տժգունէր, որովհետեւ ժամանակի գործօնն ալ իր աւերիչ դրոշմը կը դնէր: 

Ան իր շուրջը կը դիտէր եւ օրէ օր աւելի կը նեղանար ու կ՚ընդվզէր, երբ կանայք գեղագիտական վիրահատութեամբ կամ սրսկումներով աւելի կը «գեղեցկանային» եւ աշխարհին կը ներկանային իրենց նուրբ քիթերով, հարթ մաշկով, խիտ թարթիչներով , ցայտուն շրթունքներով...: 

Առաւօտ մը միամիտ կինը արթնցաւ ու իր անկողինէն ընդոստ դուրս ցատկեց: Անոր աչքերը խինդով կը փայլէին։ Կարծես իր միտքին մէջ հնարք մը ծնած էր, ուստի նոր աղօթքով մը Աստուծոյ դիմեց .« Տէ՛ր, խնդրելով կը խնդրեմ, սա տառապանքս թեթեւցուր, եթէ զիս պիտի չգեղեցկացնես, գոնէ իմ շուրջս գտնուող կանանց տգեղցուր»: 

Չեմ գիտեր ո՞ր մէկը աւելի դիւրին էր, տգեղ կնոջ գեղեցկացնե՞լը, թէ՞ անոր շուրջինները տգեղցնելը: 

Դժբախտաբար, այսօր շատեր այս կնոջ տրամաբանութեամբ կ՚առաջնորդուին եւ իրենց շուրջը գտնուող, որեւէ գեղեցիկ երեւոյթ, գնահատանքի արժանի իրագործում, կամ նուաճում կ՚արժեզրկեն, իր պարունակէն կը դատարկեն, կը նսեմացնեն, որպէսզի իրենք զիրենք ԼԱՒ զգան:   

Օրինակ, երբ առատաձեռն ու բարեխիղճ անհատ մը բարեգործութիւններ կ՚ընէ եւ բազմաթիւ կարիքաւորներ կ՚ուրախացնէ, գովաբանելու ու ծափահարելու փոխարէն, կը նսեմացնեն կատարուած հսկայ աշխատանքը ու կ՚ըսեն.

«Ըրածը այդքան ալ մեծ բան մը չէ. այդ նուիրած գումարը իր պետութեան վճարելիք տուրքը կը նուազեցնէ...»: 

Ուրիշ մը, ընթրիքի հրաւէր մը կու տայ եւ ամենայն առատաձեռնութեամբ կը հիւրասիրէ ներկաները։  Հիւրընկալին հասցէին հազիւ «թեթեւ» անուշ խօսք մը կ՚արտասանուի։ Ոմանք կ՚անհանգստանան, կը գունաթափին եւ կ՚ըսեն.«Այդ ըրած հիւրասիրութեան ծախսը, վաղը իր գործատէրէն կը գանձէ, պատրուակելով, որ ի պատիւ իրենց հիմնարկի յաճախորդներուն ընթրիք մը կազմակերպած էր»: 

Շնորհալի, տաղանդաւոր ու բնատուր գեղեցկութեամբ օրիորդ մը կը տեսնեն, փոխանակ քաղցր ու գնահատական խօսքով մը դիմելու անոր, իրենց կողքինին կը փսփսան. « Չէ, չէ, տեսքը բնական չէ, անպայման բան մը ըրած է, երեսը լեցուցած է...» կամ այլ՝ ենթադրեալ պատմութիւններ կը հիւսեն, պիտակաւորելով եւ արատաւորել փորձելով անոր վարքը։

Վերջերս նամակ մը ստացայ դիմատետրեան «ընկերուհիէ» մը, որ ինքն իր անձին իրաւունք կու տար յանդիմանելու զիս, որովհետեւ անգլերէն լեզուով այլ բարեկամուհիի մը տարեդարձը շնորհաւորած եմ:  «Արարքս» կը համարէր անտեսում, աւելի ճիշդը՝ նուաստացում մեր մայրենիին նկատմամբ, զիս զետեղելով, Ամերիկա նոր ժամանող ու հայերէնը ուրացողներու ցանկին մէջ: Նամակը թունաւոր էր եւ ցնցող։  Զարմանալին այն էր, որ «ընկերուհին», հայերէնով կատարած գրառումներուս չէր անդրադարձած, ուր յստակօրէն կ՚երեւին սէրս, բծախնդրութիւնս, գուրգուրանքս իմ ոսկեայ մայրենիիս հանդէպ: 

Պահ մը տգեղ կնոջ պատմութիւնը յիշեցի։ Արդեօք «ընկերուհին» իմ գործած աններելի «մեղքս» լուսարձակի տակ առնելով…իր «մաս- մաքուր» հայ ըլլա՞լը կը հաստատէր, կամ ինծի ցաւ պատճառելով, իր սի՞րտը կը հրճուէր...:  Արդեօք իմ մեծ յանցանքս՝ անգլերէնով գրելս, հայերէն լեզուն «կը տգեղցնէ՞ր», կամ անգլերէնը աւելիով «կը գեղեցկացնէ՞ր»: 

«Ընկերուհին» եւ ես նոյն ծննդավայրին մէջ հասակ առած ենք եւ ինք քաջատեղեակ է, որ սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարաններէն ներս Հայերէն լեզուի կողքին, երկու կամ երեք օտար լեզու կը սորվինք: Կը հաւատանք, որ օտար լեզուներու հմուտ ըլլալը կ՚ընդարձակէ մեր գիտելիքներու հորիզոնը, կը դիւրացնէ այլազգի ժողովուրդներուն հետ հաղորդակցութիւնը, նոր միջավայրերու մէջ ապրիլն ու յարմարուիլը: Նոյնպէս, օտար լեզուներով կարդալն ու գրելը չ՚արժեզրկեր, կամ չի նուաստացներ մեր մայրենին...։ 

Անշուշտ, ամբողջովին այլ պարագայ է ու մեղադրելի, երբ հայը իր ինքնութիւնը կը դաւաճանէ, իր մայրենի լեզուն կամովին «կը լքէ» եւ կ՚արտայայտուի միմիայն օտար լեզուներով։ Հոս կ՚արժէ յիշել ականաւոր գրող, մանկավարժ, աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիրին՝ Խաչատուր Աբովեանին նշանաւոր խօսքը, ուղղուած հայ նորահաս երիտասարդներուն.« Տասը լեզու սորվեցէ՛ք, բայց ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ (ամուր, պինդ) բռնեցէք»:

Թող այս օրինակները մեզի զգաստութեան հրաւիրեն եւ առաւել բարի պատգամ մը փոխանցեն: Այլոց նսեմացնելու գնով միաւորներ ապահովելու մրցոյթին չմասնակցինք, մեր դիմացինը չվիրաւորենք վասն մեր անհատական եսի ուրճացման , զգուշանանք արտաքին երեւոյթներու հետապնդումը մեր կեանքի միակ նպատակակէտը դարձնելու մոլութենէն:

Մեծանուն բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի  ադամանդեայ խրատը՝ «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր»ը, որպէս նշանաբան գործածենք, իմաստաւորելու համար մեր  առօրեայ ու  ընկերային յարաբերութիւնները։

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...