Բոլոր առումներով մերժելի վանտալիզմ մը գրանցուած է Լիբանանի Տէյր Ալ Ահմար աւանին մէջ, երբ մութ կողմեր պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Lebanon Files կայքէն, որ նաեւ կը գրէ, թէ եղած վանտալիզմը բողոքի մեծ ալիք բարձրացուցած է մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող գիւղաւանին մէջ։
Շրջանի նահանգապետը դատապարտած է եղելութիւնը եւ հանդարտութեան կոչ ուղղած է խռոված գիւղացիներուն։
بعد الإعتداء على المدافن، أدعو أهلنا في #دير_الأحمر لممارسة أقسى درجات ضبط النفس، وانتظار نتائج التحقيق، أقوم بمتابعة الموضوع مع الأجهزة الأمنية وكلني ثقة بأنها ستلقي القبض على الفاعلين. pic.twitter.com/J9JEoPgVJb
— Bachir Khodr (@BachirKhodr) May 13, 2023