image

Տեղապահ Պեքճեան Պոլսոյ մէջ ստանձնեց իր պաշտօնը (Լուսանկար) (Տեսանիւթ)

Տեղապահ Պեքճեան  Պոլսոյ մէջ ստանձնեց իր պաշտօնը (Լուսանկար) (Տեսանիւթ)

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքչեան 1 յունիսին ժամանած է Պոլիս:

Պոլսահայ «Լոյս» պարբերականին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պեքչեանի պատուին Գումգափուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հրաշափառի արարողութիւն:

Պեքչեան եկեղեցական արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած է` ըսելով, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի ղեկավարէ բարեկամութեան ու եղբայրութեան ծիրէն ներս:


Արարողութեան ներկայ եղած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարած Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, որ իր հերթին նշած է, թէ փորձած է առաւելագոյնս վերահսկել  իրադրութիւնը:

Բոլոր ներկաները միասին աղօթած են պատրիարքական ընտրութիւններու անցկացման համար: Տեղապահ Պեքչեան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնած է այս գործընթացին իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար:

Ի թիւս այլ հոգեւորականներու` արարողութեան մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ կաթոլիկ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեան: