image
Հրատապ լուրեր:

Տեղ մը «մարդասպան», այլ տեղ մը՝ «հրեշտակ». Չաւուշօղլուն «Պայրաքատար»ի դերին մասին

Տեղ մը «մարդասպան», այլ տեղ մը՝ «հրեշտակ». Չաւուշօղլուն  «Պայրաքատար»ի դերին մասին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու կիրառման` շեշտը դնելով անոր Արեւմուտքի արձագանգին:

«Ուշադրութիւն դարձուցէք Արեւմուտքի արձագանգին. Ղարաբաղի մէջ, անոնց կարծիքով, թրքական մարտական անօդաչուները «մարդասպաններ» էին, իսկ Ուքրանիոյ մէջ անոնք վերածուեցան «հրեշտակներու»», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Ան յաւելած է, որ արեւմտեան երկիրները միայն հիմա սկսած են հասկնալ Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանին մէջ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս «Պայրաքտար»-ներու վերաբերեալ նմանատիպ յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: