Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը ՄԱԿ-էն ստացած է «ճանապարհային քարտէզ» «հացահատիկի գործարքի» վերաբերեալ, որ կ'ենթադրէ համագործակցութիւն Թուրքիոյ հետ՝ ռուսական գիւղմթերքներու դիմաց վճարելու հարցով: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է «Ռիա Նովոստի»-ն։
Աւելի վաղ Չաւուշօղլուն ըսած էր, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշն Անգարային առաջարկած է դիտարկել թրքական դրամատուներու միջնորդութեան հնարաւորութիւնը՝ շուկաներ ռուսական գիւղմթերքի մուտքի հետ կապուած իրավիճակի կարգաւորման հարցով, եւ անոնք պէտք է ստանան համապատասխան երաշխիքներ։