«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամները, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորութեամբ, մարտ 20-ի առաւօտեան Երեւանէն մեկնած են Կիրանց։ Մեքենաներու երթը մեկնարկած է Երեւան-Սեւան մայրուղիի սկզբնամասէն։
Կիրանց տանող ճանապարհը շարունակած է փակ մնալ: Անցակէտէն մինչեւ Կիրանց ինկած հատուածին մէջ ոստիկանական ուժեր կեդրոնացած եղած են:
Նշենք, որ մայիս 15-ին Կիրանցի մէջ սահմանազատման գործընթացի վերաբերեալ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութենէն ետք կիրանցիները կրկին ճանապարհը փակած էին:
Ոստիկանական ուժերը 19 մայիսին ընդդիմադիր պատգամաւորներու եւ մշակութային շարք մը գործիչներու արգիլած էին մտնել Կիրանց:
Ընդդիմադիր պատգամաւորները այլընտրանքային ճանապարհով յաջողած էին հասնիլ գիւղ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ Տաւուշի Կիրանց գիւղի հատուածին մէջ կ՚իրականացուին սահմանի պահպանութիւնը ստանձնելուն ուղղուած նախապատրաստական աշխատանքներ: