image
Հրատապ լուրեր:

Տաւուշի մէջ թալանած են 44-օրեային նաhատակուած Կարէն Մարգարեանի յիշատակին կառուցուած մատուռը

Տաւուշի մէջ թալանած են 44-օրեային նաhատակուած Կարէն Մարգարեանի յիշատակին կառուցուած մատուռը

Երէկ՝ յունիս 4-ին, սրբապղծութեան դէպք տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզին մէջ:

ՀՀ ներքին  գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Տաւուշի բաժնի համայնքային ոստիկանութեան բաժանմունք տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Պառաւաքար բնակավայրին մէջ գտնուող՝ Արցախեան պատերազմին նահատակուած հերոս Կարէն Մարգարեանի յիշատակին կառուցուած «Սուրբ Կարապետ» մատուռը թալանած են:

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, պարզուած է, որ անյայտ անձը կամ անձիք մտած են հերոսի յիշատակին կառուցուած «Սուրբ Կարապետ» մատուռ, կոտրած գանձանակը ու յափշտակած այնտեղ եղած գումարը:

Յանցագործութիւն կատարած անձը նոյն մարզի բնակիչ 63-ամեայ Վ. Ա.-ն է, որ խոստովանած է, որ գողութիւնը կատարած է մայիս ամսուան վերջը: