Տարածաշրջանին մէջ երկար ժամանակ անց առաջին անգամ հնարաւոր է «արդար եւ կայուն» խաղաղութիւն. այսպէս Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլլաեւան արձագանգած Le Figaro թերթին մէջ հրապարակուած «Պաքուի կողմէ Ֆրանսան վարկաբեկելու նպատակով լայնածաւալ յարձակում» վերտառութեամբ յօդուածին, աւելցնելով, որ աշխարհին պէտք է ճշմարտութիւն, ոչ թէ «կեղծ պատմութիւններ»:
«Դուք դեռ ձեզի այնպէս կը պահէք, կարծես չէք գիտեր, որ Ղարաբաղը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքի մաս»: Le Figaro, օգնեցէք խաղաղութեան՝ մեր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու ձգտելու փոխարէն», - X էջի մեկնաբանութեան մէջ գրած է ան: