Տաղանդաւոր դերասանուհի՝ Նաժահ Հաֆիզ իր մահկանացուն կնքած է 2017-ին սրտի կաթուածի հետեւանքով: Ան արժանացած է անշուք ու համեստ յուղարկաւորութեան մը, ուր ներկայ եղած են քանի մը դերասաններ միայն: Դերասան Արէֆ Ալ Թաուիլ, օրին արձագանգած է իր դիմատետրան էջով, թէ «յուղարկաւորեցինք սուրիական տրամայի սիւներէն մին... միայն 7 հոգիով, ներողութիւն...»: Իր հերթին Սուրիոյ արուեստի արհմիութեան նախագահը՝ հանգուցեալ Զուհէր Ռամատան, որ բացակայած էր յուղարկաւորութենէն, ըսած էր, թէ արհմիութիւնը իր պարտաւորութիւնները կատարած է դերասանուհիին նկատմամբ, հոգալով անոր բուժման ու յուղարկաւորութեան ծախսերը:
Յատկանշական է, որ դերասանուհի Նաժահ Հաֆիզ չէր արժանացած մայրութեան, սակայն իր մօր դերերով շարժած էր բոլոր ակնդիրներու սիրտը ու խլած անոնց արցունքները:
Արաբական աշխարհի մէջ ժողովրդականութիւն վայելող դերասաններու նուիրուած մեր շարքին մէջ այսօր տեղ կու տանք սուրիացի դերասանուհի՝ Նաժահ Հաֆիզին կամ ինչպէս ճանչցուած էր «Ֆաթթում Հիս Պիս»ին:
«Արեւելք» իր մասին տեղեկութիւններ քաղեց «Մատա փոսթ» կայքէն:
Նաժահ Հաֆիզ, բուն անունով Նաժահ Ալ Սամման, ծնած է 5 Նոյեմբեր, 1941-ին, դամասկոսեան Ալ Սալիհիէ թաղամասը: Ան 1960-ականներուն սկսած է իր դերասանական ասպարէզը եւ մասնակցութիւն բերած է հեռատեսիլային երեկոներու ու ներկայացումներու, ինչպէս՝ 1968-ի «Մարդի արսատ Ճաուիյէ» (Կինս երեւութաբան է): Նոյն տարին մասնակցած է, նշանաւոր «Համմամ Ալ հանա» (Անոյշ բաղնիք), կատակերգական տեսաշարին, ուր հազիւ մէկ տեսարանով մը ելոյթ ունեցած է: 1972-ին խաղցած է մօր կերպարը «Զքաք Ալ Մայլէ» (Թեքուած նրբանցքը) տեսաշարին մէջ: Սակայն 1973-ը անկիւնադարձային էր Հաֆիզի համար, երբ սուրիացի նշանաւոր բեմադրիչ՝ Խալտուն Ալ Մալեհ զինք ընտրած է մարմնաւորելու Ֆաթթում Հիս Պիսի կերպարը, այն կինը, որուն համար կը պայքարին Հուսնի Պորազանը (Նիհատ Քալի) եւ Ղաոուար Ալ Թոշէն (Տորէտ Լահհամ) «Սահհ Էլ Նոմ» ( Նոր բարի լոյս) այն ատենուան սեւ ու սպիտակ տեսաշարին մէջ, ուր հնչած է նշանաւոր «Ֆաթթում Ֆաթթում Ֆաթթումէ» երգը (Գարուն Գարուն Գարուն է հայերէն երգի երաժշտութեամբ. խմբ. ՝«Արեւելք»): Այս տեսաշարը աներեւակայելի յաջողութիւն արձանագրած է, ինչ որ պատճառ եղած քանի մը բաժիններու վերստին բեմադրման։ 1975-ին, նոյն անունով եւ նոյն դերասաններով նաեւ շարժանկար լոյս տեսած է: Դերասանուհին մասնակցած է նոյն Ֆաթթումի կերպարով նաեւ «Մըլհ ու սըքքար» (Աղ ու շաքար) տեսաշարին, որ կը ցուցադրուէր տօնական օրերուն:
Մանաւանդ որ այս տեսաշարները շատ մեծ յաջողութիւն եւ ժողովրդականութիւն ունէին, բայց սահմանափակած էին Նաժահ Հաֆիզի տաղանդը մէկ կերպարի մէջ: Երբ 1970-ականներու վերջաւորութեան ան հրաժարած է այս կերպարի «կաղապար»էն, այս անգամ կրած է մօր կերպարի շապիկը, ինչպէս՝ «Ալ Ում Ալ Թայիպէ» (Բարի մայրիկը), «Ալ Ում» (Մայրը), նաեւ 1981-ին «Թաժարէպ Այիլիյէ» (Ընտանեկան փորձառութիւններ) գործերուն մէջ:
Նաժահ Հաֆիզ սուրիական հեռատեսիլին մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ տեսաշարներու ինչպէս՝ 1988-ին «Ալտունիա Մուտհէք Մուպքի» (Աշխարհը խնդալիք լալիք է), 1990-ին «Հըժրաթ ալ քլուպ իլա Ալ քլուպ» (Սիրտերու գաղթը դէպի սիրտեր), նաեւ «Ահլամ Մուաժալէ» (Յետաձգուած երազներ), «Նիհայէթ Րաժէլ Շուժա» (Արի մարդու աւարտը), «Եոմիաթ Ապու Անթար» (Ապու Անթարի օրագրութիւնը) եւ այլ գործեր:
Սակայն 1996-ին, Նաժահ Հաֆիզ արժանացած է հիմնական հերոսի դերին, «Ահլ Համաթի» (Կեսուրիս ընտանիքը) տեսաշարին մէջ, որմէ ետք կրկին հագած երկրորդական դերի մօր հագուստը՝ «Ալ Պահր Այուպ» (Յոբի ծով), «Սլուժ Ալ Սէյֆ» (Ամրան ձիւները), «Ազհար Ալ Շիթա» (Ձմրան ծաղիկները) եւ շատ այլ տեսաշարներու մէջ:
Իսկ 2010-ին, Նաժահ Հաֆիզ կատարած է իր ամէնէն ազդեցիկ դերը «Ալ Պուքաա Ալ Սաուտա» (Սեւ բիծեր ) տեսաշարին մէջ, երբ մարմնաւորած է երկու որդիներու մօր կերպարը, ուր երբ անդրանիկ զաւակը նահատակուած է, եւ որպէս փեսայ յուղարկաւորած զայն, Հաֆիզ այնքան անկեղծ ու հարազատ դերակատարած է, որ ուշագնաց եղած է նկարահանման ժամանակ:
Ի դէպ Նաժահ Հաֆիզ շարժանակներու մէջ ալ աշխոյժ եղած է, ան ունի բազմաթիւ գործեր, ինչպէս՝ «Ինտամա Թաղիպ Ալ զաուժաթ» (Երբ կը բացակային կիները), «Խայաթ Ալ Սայիտաթ» (Կանանց դերձակը), «Ալ Լըս ալ զարիֆ» ( Զուարճալի գողը) եւ այլ տասնեակ շարժանկարներ:
Նաժահ Հաֆիզ ամուսնացած է Մուհամմէտ Խէյր Ալ Րիֆայիի հետ, որ մինչեւ Նաժահ Հաֆիզի մահը անոր կողքին մնացած է եւ մահէն ետք ըսած,- «Դերասանուհի Նաժահ Հաֆիզի կեանքէն հեռանալը մեծ կորուստ է սուրիական եւ արաբական տրամային: Ան իմ կեանքի ընկերն էր, հաւատարիմ, խոնարհ, սիրալիր անձնաւորութիւն, որ կը սիրէր բարիքը»: Անոնք զաւակ չէին ունեցած:
Դերասանուհիին վերջին գործը «Ֆուդաթ Լուպէ» (Խաղի բեկորներ) տեսաշարն էր, 2013-ին, որմէ ետք ան անտեսուած է, որպէս դերասանուհի, եւ ընդհանրապէս դերեր չեն առաջարկուած իրեն: Ան ապրած է գրեթէ միայնակ, եւ 2015-ին, հարցազրոյցի մը ընթացքին ձայն բարձրացուցած ըսելով, որ «ես բացի արուեստէս, ուրիշ բան չունիմ տալիք»:
Տաղանդաւոր դերասանուհի՝ Նաժահ Հաֆիզ իր մահկանացուն կնքած է 2017-ին սրտի կաթուածի հետեւանքով: Ան արժանացած է անշուք ու համեստ յուղարկաւորութեան մը, ուր ներկայ եղած են քանի մը դերասաններ միայն: Դերասան Արէֆ Ալ Թաուիլ, օրին արձագանգած է իր դիմատետրան էջով, թէ «յուղարկաւորեցինք սուրիական տրամայի սիւներէն մին... միայն 7 հոգիով, ներողութիւն...»: Իր հերթին Սուրիոյ արուեստի արհմիութեան նախագահը՝ հանգուցեալ Զուհէր Ռամատան, որ բացակայած էր յուղարկաւորութենէն, ըսած էր, թէ արհմիութիւնը իր պարտաւորութիւնները կատարած է դերասանուհիին նկատմամբ, հոգալով անոր բուժման ու յուղարկաւորութեան ծախսերը:
Յատկանշական է, որ դերասանուհի Նաժահ Հաֆիզ չէր արժանացած մայրութեան, սակայն իր մօր դերերով շարժած էր բոլոր ակնդիրներու սիրտը ու խլած անոնց արցունքները:
«Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ.Գ.