Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան առաջարկած է, որ Մոսկուան եւ Թեհրանը որպէս անվտանգութեան երաշխաւորներ հանդէս գան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։
Ըստ անոր, Սուրիոյ հետ կապուած հարցերէն մէկը սուրիա-թրքական սահմանի անվտանգութեան խնդիրն է։
Ռուսիոյ, Իրանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Մոսկուայի մէջ քառակողմ ձեւաչափով վերջին հանդիպման Թեհրան առաջարկած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ինքնուրոյն պայմանաւորուիլ Սուրիոյ տարածքէն թրքական զօրքերու դուրսբերման մասին։
Անոր կարծիքով, այս պարագային Թուրքիան պէտք է դուրս բերէ իր զինուած ուժերը Սուրիայէն, Դամասկոսը պէտք է իր զօրքերը տեղակայէ սահմանին՝ թրքական կողմի վրայ յարձակումը բացառելու նպատակով։ Իրանն ու Ռուսիան պէտք է երկու կողմերու համար հանդէս գան որպէս երաշխաւոր։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած էր, որ Անգարան կը շարունակէ բանակցութիւնները Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։
Անոր խօսքով, թրքական կողմը Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ յստակ միջոցներ կ'ակնկալէ սուրիացի փախստականները Թուրքիայէն իրենց հայրենիք անվտանգ վերադարձի եւ Թուրքիա փախստականներու նոր ալիքները կանխելու համար։