image

«Ստուերը կ՚անցնի, բայց լոյսը կը մնայ» Տօքթ.Վարդգէս Արզումանեան

«Ստուերը  կ՚անցնի, բայց լոյսը կը մնայ» Տօքթ.Վարդգէս Արզումանեան

Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող ֆրանսալեզու «L’Orient le jour» թերթին մէջ, պատկերներով եւ վերապրումներով զեղուն յօդուածով մը, Տօքթ.Վարդգէս Արզումանեան կը նկարագրէ  անցեալի  Լիբանանը,    այդ երկրի պայծառ դէմքն, ու մշուշոտ ներկան։ Յոյսի նշոյլ մը տալով, ան իր յօդուածը կը վերնագրէ. «Ստուերը կ՚անցնի, բայց լոյսը կը մնայ»։

Տօքթ.Արզումանեան աղօտ ձեւով կը վերյիշէ «Des choses de la vie» ֆիլմէն տեսարաններ, զոր թողարկուած էր 1970 թուականին: Այս ֆիլմէն մասնաւորապէս կը յիշէ երգ մը, որուն բառերը կ՚ըսեն. «Այս գիշեր սեպտեմբեր է, եւ ես փակած եմ սենեակս, արեւը այլեւս պիտի չմտնէ այնտեղ՝ դուն այլեւս զիս չես սիրեր»։ Այս փոքրիկ, մելամաղձոտ երգը զինք կարօտով կը տեղափոխէ իր անցեալին պատկանող այն աշխարհը, զոր ինք կը նմանցնէ կորսուած դրախտի։ Այդ կորսուած դրախտը Լիբանանն է։ Մէջբերելով Գանատացի բանաստեղծի մը խօսքերը, ան կ՚ըսէ . «Մենք կը փչենք խարոյկին վրայ, եւ անցեալը կը վերածնի»։

Տօքթ.Արզումանեան կը նկարագրէ  քաղաքացիական պատերազմը նախորդող ժամանակաշրջանի բարգաւաճ Լիբանանը, մշակոյթով աշխոյժ երկիրը, տարածաշրջանի գոհարը, արաբական աշխարհի եւ նոյնիսկ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի փարոսը: Ան կ՚ըսէ, թէ այդ ժամանակ ինք երեխայ էր եւ աշխարհը կատարեալ կը թուար իրեն։

Ան հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք մենք մեր անցեալի գերին ենք։ Ապա կը շարունակէ ըսելով, թէ անցեալը, մեզմէ բաժին մըն է, բայց որպէս լիբանանցի մարդ, երբ ներկան, այսինքն՝ մեր առօրեան այնքան ցաւոտ ու աղետալի է, միւս կողմէն՝ անցեալն այնքան փառաւոր ու փառահեղ, բնականաբար, անցեալի գրաւչութիւնը կը դառնայ աւելի ուժեղ: Հակառակ ամէն բանի, ան կ՚ըսէ, թէ պէտք չէ մոռնալ անցեալը, քանի որ, ինչպէս կ՚ըսէ Ուինսթոն Չըրչըլ՝ «այն երկիրը, որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի»:

Յօդուածի աւարտին, Տօքթ.Արզումանեան կը յիշէ իր ծնած  թաղը՝ հարեւանները, հայրենակիցները, որոնք տեսած են Լիբանանի փառքի օրերը, իսկ այսօր, իրենց շրջապատին մէջ կը տեսնեն թշուառութիւն եւ աղքատութիւն։ Ան կ՚ըսէ, թէ խոնարհի բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կ՚ապրէին հանգիստ ու լաւ կեանքով, եւ այժմ զրկուած են իրենց ունեցուածքէն եւ կ՚ապրին աղքատութեան մէջ, քաղաքական ղեկավարներու եւ կառավարութեան պատճառով, որոնք կեղեքած ու կողոպտած են զիրենք։ 

Յօդուածի վերջին տողը, վերադառնալով խորագրին, կ՚ըսէ «Ստուերը կ՚անցնի, բայց լոյսը կը մնայ»։

 

Ֆրանսերէնէն  «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Ն.Տաղլեան