image

Ստեփանակերտի մէջ. Ձերբակալուած է Վիտալի Բալասանեան

Ստեփանակերտի մէջ. Ձերբակալուած է Վիտալի Բալասանեան

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուած է Ասկերանի իր տան մէջ, ձերբակալութեան նախորդած է խուզարկութիւնը։

Aravot.am-ի տեղեկութիւններով  Վիտալի Բալասանեանի հետ ձերբակալուած են նաեւ որդին եւ քեռորդին:

40 վայրկեան խուզարկութիւն իրականացուցած են Բալասանեանի տան մէջ։ Ձերբակալելէ ետք անոր տարած են ԱԱԾ, այժմ ան դատախազութեան մօտ է։

Արցախցի փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրսեանը դիմատետրեան գրառմամբ հանրութեան իրազեկած է,որ «ստանձնած է Արցախի հերոս Վիտալի Միխայէլի Բալասանեանի իրաւունքներու եւ օրինական շահերու պաշտպանութիւնը»: 

«Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուել է։ Նրա մարմնի վրայ առկայ են բազմաթիւ վնասուածքներ»,- գրած է ան։