image

Միսակ Բալասանեանը այլեւս Իրաքի մէջ ՀՀ Դեսպան չէ

Միսակ Բալասանեանը այլեւս Իրաքի մէջ ՀՀ Դեսպան չէ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հրամանագիր ստորագրած է Միսակ Բալասանեանը Իրաքի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչելու մասին։  

Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Միսակ Բալասանեանը Իրաքի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան էր 2023 թուականի սեպտեմբեր 5-էն։