image

«Պատասխանատւութեան միջոց»՝ Վիթալի Բալասանեանի նկատմամբ

«Պատասխանատւութեան միջոց»՝ Վիթալի Բալասանեանի նկատմամբ

Համացանցի մէջ հրապարակուած Երեւան քաղաքի Նոր Նորք վարչական շրջանի Տորք Անգեղ այգիի տարածքին մէջ ապօրինի ծառահատումներու վերաբերեալ տեսանիւթի հիման վրայ Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնէն ներս յարուցուած վարչական վարոյթի շրջածիրէն ներս պարզուած է, որ սեպտեմբեր 28-ին քաղաքացիներ Ա.Բ.-ի եւ Վ.Բ.-ի կողմէ այգիի տարածքին մէջ հատուած եւ այրուած են մոշի, մասուրի մօտ մէկ տասնեակ չորացած թուփեր եւ թթենիի կանաչ ճիւղեր։

Այս մասին յայտնած է ՀՀ բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինը:

Տեսչական մարմնի Երեւանի տարածքային բաժնի պետի որոշումներով՝ բնապահպանական իրաւախախտումներու համար վերոյիշեալ անձանց նկատմամբ կիրառուած են պատասխանատւութեան միջոցներ։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ աքթիւիսթ Արթուր Չախոյեանը դիմատետրեան ուղիղ եթերով յայտարարած է, որ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը Նոր Նորքի մէջ ապօրինի ծառահատում կատարած է։