Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուած է Ասկերանի իր տան մէջ, ձերբակալութեան նախորդած է խուզարկութիւնը։
Aravot.am-ի տեղեկութիւններով Վիտալի Բալասանեանի հետ ձերբակալուած են նաեւ որդին եւ քեռորդին:
40 վայրկեան խուզարկութիւն իրականացուցած են Բալասանեանի տան մէջ։ Ձերբակալելէ ետք անոր տարած են ԱԱԾ, այժմ ան դատախազութեան մօտ է։
Արցախցի փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրսեանը դիմատետրեան գրառմամբ հանրութեան իրազեկած է,որ «ստանձնած է Արցախի հերոս Վիտալի Միխայէլի Բալասանեանի իրաւունքներու եւ օրինական շահերու պաշտպանութիւնը»:
«Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուել է։ Նրա մարմնի վրայ առկայ են բազմաթիւ վնասուածքներ»,- գրած է ան։