image

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Պաքուի տարածած կեղծ լուրերը

Հայաստանի Պաշտպանութեան  նախարարութիւնը կը հերքէ Պաքուի տարածած կեղծ լուրերը

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր 7 մարտին, ՀՀ զինուած ուժերու ռազմական  մեքենաներու շարասիւնը Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անցած է Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր ճանապարհով, չի համապատասխաներ իրականութեան:

Կեղծ են նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու՝ անձնակազմ տեղափոխելու եւ անոնց հերթափոխն իրականացնելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումները: