image

Սպիտակի երկրաշարժի աղէտի 5391 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը լուծուած է

Սպիտակի երկրաշարժի աղէտի 5391 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը լուծուած է

1988 թուականի 7 դեկտեմբերին Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի աղէտի գօտիին մէջ 2008 թուականին սկիզբ առած պետական աջակցութեան բնակարանային ծրագիրը, որու շահառու ճանչցուած է 5419 ընտանիք, կը մօտենայ աւարտին։ Տեղեկութիւնը ասուլիսի ժամանակ յայտնած ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի բնակարանային ֆոնտի կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու վարչութեան պետ Թանիա Արզումանեանը։

«Աղէտի գօտում պետական աջակցութեամբ իրականացուած վերջին ծրագրի շահառու էին ճանաչուել 5419 ընտանիք, որոնք 2008 թուականի դրութեամբ հաշուառուած էին Շիրակի, Լոռու եւ Արագածոտնի մարզերում։ 5419 ընտանիքից 5391 ընտանիքի բնակարանային խնդիրը լուծուել է ծրագրով նախատեսուած շուրջ 70 միլիառ դրամի շրջանակներում»,–ըսած է Արզումանեան։

Անոր խօսքով` դեռ բնակարանային խնդրի լուծման կարիք ունին Շիրակի մարզի Ջրաձոր համայնքի 28 ընտանիքներ, որոնք նախընտրած են, որ իրենց բնակարանային խնդրի լուծումը դիտարկուի Կապսի ջրամբարի վերաբնակեցման ծրագրի ծիրէն ներս։

«Այդ ընտանիքներին աջակցութիւն կը տրամադրուի այդ ծրագրով նախատեսուած չափով եւ պայմաններով»,–ըսած է ան։

Կառավարութեան 2021 թուականի որոշմամբ սահմանուած է, որ այն ընտանիքները, որոնք կորսնցուցած բնակարանի չափով բնակարան ստանալէ ետք կ'ուզեն վերականգնել իրենց բնակարանային պայմաններու բարելաւման իրաւունքը (տարիներու ընթացքին ընտանիքը համալրուած է, կ'ապրին ոչ թէ մէկ, այլ օրինակ 3 վակոն–տնակի մէջ), անոնց բնակարանային խնդիրները պիտի լուծուիլ բնակարանի գնման վկայագրի տրամադրման միջոցով։

Բացառութիւն պիտի կազմեն գիւղական համայնքներու մէջ մէկ սենեականոց բնակարանի յաւակնող ընտանիքները, որոնց պիտի տրուի նիւթական աջակցութիւն 3 միլիոն դրամի չափով։

Ինչ կը վերաբերի տնակային շինութիւններու խնդրի լուծման, ապա ծրագրի մեկնարկը պիտի տրուի 2023 թուականին, պիտի յստակեցուի ծրագրի պիւտճէն եւ շահառուներու թիւը։ Եթէ օրինակ վակոն–տնակին մէջ կ'ապրին 10 անձինք, բայց անոնցմէ մէկ–երկուքը ունին առնուազն 9 քառակուսի մեթր սեփականութիւն, ապա ծրագրի շահառու չեն դառնար։ Ծրագրի շահառու չեն դառնար նաեւ անոնք, որոնք յատկապէս 2019 թուականէն ետք օտարած են իրենց սեփականութիւնը։