image

Սիսիանի մէջ զոհուած Մերուժան Յարութիւնեանը մասնակից էր 44-օրեայ պատերազմին

Սիսիանի մէջ զոհուած  Մերուժան Յարութիւնեանը  մասնակից էր 44-օրեայ պատերազմին

Նոյեմբեր 16-ին, ատրպէյճանականական ԶՈւ ստորաբաժանումները նախաձեռնած էին հերթական սադրանք  ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիի ուղղութեամբ՝ գնդակոծելով հայկական դիրքերը:

Մարտական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած է 30-ամեայ պայմանագրային զինծառայող՝ Մերուժան Յարութիւնեանը, որ 44-օրեայ պատերազմի մասնակից էր։ Ան պատերազմի ընթացքին վիրաւորում ստացած էր, սակայն շարունակած էր կռուիլ մինչեւ պատերազմի աւարտը։

 

«Կողքին արկ պայթած էր ու վնասած ականջը։ Լսողութեան հետ խնդիրներ առաջացած էին»,- նշած է Մերուժան Յարութիւնեանի բարեկամուհին։

Մերուժան ծնած էր Գիւմրի։ Ան եւ իր եղբայրը պայմանագրային զինծառայողներ էին եւ կը բնակէին Երեւան։ Մերուժանը պայմանագրային զինծառայող էր դարձած մօտ չորս տարի առաջ, իսկ եղբայրը՝ աւելի ուշ։

«Վերջին շրջանին հիմնականին Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ ծառայութիւնը կը կատարէին։ Դէպքին օրը եղբօր հետ ծառայողական ինքնաշարժով գացած էին դիրքեր, եղբայրը մնացած է ներքեւ, իսկ Մերուժանը բարձրացած է դիրքերը»,- պատմած է Մերուժանի բարեկամուհին։

Մերուժան ամուսնացած էր։ Ունէր երկու երեխայ՝ 12 տարեկան դուստր եւ 2 տարեկան որդի։

Լուրը՝ NEWS.am-էն