image

Սիմոնեան ի՞նչ նպատակով մեկնած է Պալի

Սիմոնեան  ի՞նչ նպատակով  մեկնած է Պալի

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ու անոր գլխաւորած 10 հոգինոց պատուիրակութիւնը Մարտ 18–ին մեկնած է Պալի կղզի, այս մասին յայտնած է ԱԺ կայքը, նշելով, որ Պալի այցի նպատակը Միջխորհրդարանական միութեան 144-րդ վեհաժողովին մասնակցիլն է:

Միջխորհրդարանական միութեան 144-րդ վեհաժողովը եւ յարակից հանդիպումները տեղի կ'ունենան Պալիի միջազգային ուխտի կեդրոնին մէջ (BICC), 20-24 Մարտին:

Կազմակերպող կողմի հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուած է, որ մասնակիցները պիտի քննարկեն, թէ ինչ խորհրդարանական գործողութիւններ պէտք է ձեռնարկուին կլիմայական արտակարգ իրավիճակի հետեւանքները մեղմելու եւ Փարիզի համաձայնագիրը կեանքի կոչելու համար: 

Ազգային ժողովը նաեւ հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ կ'ըսուի․ «Մարտի 20-ին ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ինտոնեզիայում մասնակցել է Միջխորհրդարանական միութեան 144-րդ վեհաժողովի հանդիսաւոր բացման արարողութեանը: Վեհաժողովին ներկայ 110 երկրի խորհրդարանների պատուիրակները ներկայացուած են առաջին դէմքերով, նախատեսուած են առանձին հանդիպում-քննարկումներ պատգամաւորների եւ գլխաւոր քարտուղարների համար:

Վեհաժողովի ծրագրի շրջանակներում նախատեսւում է միջուկային զէնքի փորձարկումների համընդհանուր արգելքին նուիրուած աշխատաժողով»: