«ՀԱՊԿ զօրախումբը Ղազախստանի մէջ իր առաքելութիւնը պիտի աւարտի այդ երկրին մէջ իրադրութեան լիակատար կայունացումէն յետոյ», յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն՝ յատուկ ընդգծելով, որ վերջնական որոշումը պիտի կայացնեն Ղազախստանի իշխանութիւնները։
«Ներկայիս ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերը կ'իրականացնեն կարեւորագոյն ռազմական, պետական եւ ընկերային նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու պահպանութիւնը», ըսած է Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը։
Նշելով, որ ՀԱՊԿ զօրախումբը Ղազախստան տեղափոխուած է ընդամէնը երեք օրուան մէջ, Շոյկուն ընդգծած է․ «Այդ հնարաւոր դարձաւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու համադրուած եւ գործնական գործողութիւններու շնորհիւ։ Անոր հնարաւոր եղաւ հասնիլ ինչպէս համատեղ զօրավարժութիւններու, այնպէս ալ այն փորձի շնորհիւ, որ ձեռք բերուած է Սուրիոյ մէջ ռուսական զօրքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման ընթացքին»։