image

Շուշին իբրեւ Իսլամական Կեդրոն ներկայացնելու փորձ

Շուշին իբրեւ Իսլամական Կեդրոն ներկայացնելու փորձ

Արցախի մշակութային ժառանգութեան դիտարկումը իրականացնող Monumentwatch.org կայքը կը գրէ հետեւեալը.

«21 Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կրօնական առաջնորդներու երրորդ համաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան իսլամական կրօնի ամրապնդման, միասնականութեան եւ «Լեռնային Ղարաբաղի իսլամական» մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան շարք մը հարցեր։ Համաժողովին մասնակցողները պնդեցին, որ Ատրպէյճան կարեւոր դեր ունի իսլամական կրօնի ամրապնդման եւ հանդուրժողականութեան ապահովման գործին մէջ։

«Ձեռնարկին ընթացքին, Կովկասի իսլամներու գրասենեակի նախագահ Ալլահշուքիւր Փաշազատէ անդրադառնալով Արցախի մշակութային ժառանգութեան՝ ըսաւ, որ իրենց մզկիթները «փրկուած են հայկական ստրկութենէն»։ Ան անգամ մը եւս արտայայտեց նենգափոխուած յայտարարութիւններ եւ ներկայացուց իրականութեան հակասող դատողութիւններ Արցախի հակամարտութեան, «ցեղային զտումներու, թուրք-իսլամական մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման, սրբավայրերու իւրացման, ատրպէյճանական խաղաղասիրութեան եւ հայկական վրէժխնդրութեան» վերաբերեալ։ «Հայ եկեղեցին, որ կը փորձէ իրագործել իր յաւակնութիւնները՝ վտանգելով իր ժողովուրդը եւ իր պետութեան գոյութիւնը, սուտ խոստումներով նոր աղէտներ ու ողբերգութիւններ կը պատրաստէ իր ժողովուրդին համար», պնդեց ան։

Սուրբ Էջմիածինը հակադարձեց յիշեալ հրահրիչ յայտարարութեան։

«Փաշազատէ բնականաբար չխօսեցաւ Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող ռազմատենչութեան եւ հայատեացութեան ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժումներուն, սահմաններուն վրայ ամէնօրեայ սադրանքներուն, խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումներուն, հայ ռազմագերիները ապօրինաբար պահելու եւ խոշտանգելու, զոհուածներու մարմինները պղծելու, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքը ոտնահարելու, հայկական պատմամշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ իւրացնելու՝ Պաքուի քայլերուն մասին։

«Իսկ կրօնական հարցերու Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ալի Էրպաշ իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց Թուրքիոյ օժանդակութիւնը 44օրեայ պատերազմին՝ յաղթանակի հասնելու գործին մէջ, եւ զայն դիտարկելու ոչ թէ հայ ժողովուրդը ցեղային զտման ենթարկելու թուրք ցեղասպանական ծրագիրին մէկ մասը, այլ իբրեւ «երկու ժողովուրդներու միասնականութեան եւ հաւատքի, եղբայրական յարաբերութիւններու ապացոյց»։

«Նշենք, որ 20 Հոկտեմբերին, Շուշիի մէջ կնքուած էր «պատմական փաստաթուղթ» մը, որուն միջոցաւ հիմքը դրուեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան իսլամական վարչութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հիմնադրման։ Թրքական կրօնական ներկայացուցիչները ընդունեցին յայտարարութիւն մը եւ ստորագրեցին կանոնակարգ մը «թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք» հռչակուած Շուշիի մէջ, որ ըստ իրենց, ոչ միայն խորհրդանշական եւ պատմական նշանակութիւն ունի, այլ նաեւ թրքական պետութիւններու միասնականութեան ընդհանուր համակարգին մէջ ունի առանցքային նշանակութիւն։

«Համաժողովին մասնակցողները այցելութեան ընթացքին ծանօթացան Շուշիի պատմական վայրերուն, ինչպէս նաեւ ընթացող «վերականգնման եւ շինարարական» աշխատանքներուն։  «Նշենք նաեւ, որ հիւրերուն ներկայութեամբ տեսանիւթերը նկարահանուեցան այն վայրերուն մէջ, ուր ոչնչացուած են Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի «Քանդակներու պուրակ»ի բոլոր արձանները, Վազգէն Սարգսեանի արձանը եւ այլ մշակութային արժէքներ»։

 

ՄԵՐ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Գրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցած տարբեր բնոյթի համաժողովները, քաղաքի պատմական, մշակութային կերպարը նենգափոխելու եւ գործընթացը միջազգայնօրէն ամրագրելու, քաղաքը միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն՝ իբրեւ զուտ ատրպէյճանական ներկայացնելու քայլերը բռնագրաւումը օրինականացնելու նպատակ կը հետապնդեն։

Շուշին կը ներկայացուի բացառապէս իբրեւ ատրպէյճանական եւ թրքական բնակավայր՝ բացարձակ լռութեան մատնելով Շուշի քաղաքի հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, պատմական անցեալը եւ բազմաթիւ յուշարձանները:

Շուշիի եւ Արցախի մէջ բռնագրաւուած մնացեալ տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ վարուող բացայայտ հայատեաց մշակութային քաղաքականութեան հենքին վրայ, կեղծ խաղաղասիրական եւ հանդուրժողականութեան կոչերը բացայայտ ծաղր են: Առաւել ցաւալի է, որ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչները, խօսելով տարածաշրջանային երկխօսութեան եւ մշակութային հանդուրժողականութեան մասին՝ լռութեան կը մատնեն այն իրողութիւնը, որ Շուշին կ՛ենթարկուի մշակութային ցեղասպանութեան։ Անոր օրինակները բազմաթիւ են՝ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, ապա անոր իրական կերպարին խեղաթիւրումը, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (Կանաչ ժամ) քանդումը, թանգարաններու եւ ցուցանմուշներու իւրացումը, «Քանդակներու պուրակ»ի, պատմական գերեզմաննոցի եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի քանդումը եւ այլն։

Հայ մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոն հանդիսացող Շուշիի հռչակումը՝ իբրեւ ատրպէյճանական ակնյայտօրէն կ՛ոտնահարէ քաղաքի պատմութեան, վերջինիս իսկութեան եւ ամբողջականութեան հիմնարար սկզբունքները:

 

Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն