Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի կոչ ըրած է իսլամական եւ տարածաշրջանային երկիրներուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ «Իսրայէլի յանցագործութիւնը եւ տարածաշրջանի անկայունութիւնը դադրեցնելու համար»: Այս մասին տեղեկացուցած է IRNA գործկալութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր էմիրաթցի գործընկեր Շէյխ Ապտուլլահ պըն Զայէտ Ալ Նահեանի հետ հեռախօսազրոյցին դատապարտած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով հարիւրաւոր անմեղ պաղեստինցիներ զոհուած են եւ խախտուած է հրադադարի համաձայնութիւնը: