Ալիեւ հաստատած է Ատրպէյճանի միացումը «Իսլամական ութնեակին»: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուականները։
«Իսլամական ութնեակ»-ը (D8 տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւն) միջազգային կազմակերպութիւն է Պանկլատեշի, Եգիպտոսի, Նիկերիոյ, Ինտոնեզիայի, Իրանի, Մալեզիայի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար: