image

Շուէտացի աքթիւիսթը Թուրքիոյ դեսպանատուներու դիմաց բողոքի ցոյցեր կատարելու կոչ ըրաւ

Շուէտացի աքթիւիսթը Թուրքիոյ դեսպանատուներու դիմաց  բողոքի  ցոյցեր  կատարելու կոչ ըրաւ

Շուէտ բնապահպանական աքթիւիսթ Կրեթա Թունպըրկը կոչ ըրած է նոյեմբեր 11-ին ցոյցեր կազմակերպելու ամբողջ աշխարհի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատներու առջեւ:

«Սա գործողութեան հրատապ կոչ է: Էրտողանը կը խօսի Պաղեստինի հետ համերաշխութեան մասին, սակայն Թուրքիոյ նաւահանգիստները կը մնան բաց՝ թոյլ տալով, որ նաւթը հասնի Իսրայէլ եւ վառելիք ապահովէ պաղեստինցիները սպանող ռազմական մեքենային համար: «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան» խողովակաշարը, որ կը շահագործէ BP-ն եւ Ատրպէյճանի պետական նաւթային SOCAR ընկերութիւնը, կ՚ապահովէ Իսրայէլի նաւթի մատարարման գրեթէ կէսը: Էրտողանն ու Ալիեւը շահոյթ կը ստանան՝ ամրապնդուելով համաշխարհային ուժանիւթի շուկային մէջ, մինչդեռ պաղեստինցիները կը վճարեն իրենց կեանքով», -ըսած է ան:

Թունպըրկը յիշեցուցած է, որ այս տարի կլիմայական փոփոխութիւններու COP29 համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, որու շրջածիրէն ներս երկրի իշխանութիւնները պիտի փորձեն «մաքրագործել» սեփական բնակչութեան նկատմամբ ճնշումները եւ Պաղեստինի ցեղասպանութեան մեղսակցութիւնը:

«Այս համաշխարհային քարոզարշաւը կը պահանջէ պատասխանատւութիւն: Նոյեմբեր 11-ին մենք պիտի հաւաքուինք աշխարհի մէջ թրքական դեսպանատուներու մօտ՝ պահանջելու արդարութիւն Պաղեստինի համար, եւ որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը վերջ տան իրենց մեղսակցութեան։ Կանգնեցէք մեր կողքին եւ եկէք միասին բարձրացնենք՝ դադարեցէք սնել ցեղասպանութիւնը», -ըսած է աքթիւիսթը:

Ան աւելցուցած է, որ ամսուն 16-ին հերթական արշաւը պիտի ըլլայ  SOCAR-ի դէմ։